Յակոբ Ճէլալեան։ Ղարաբաղ
Աշխարհիս մէջ մէն, մենիկ
Ժայռաբեկոր անառիկ
Պատուոյ դաշտի դու մարտիկ.
Քեզ բրուտոսներ կը խոցեն
Վառօթներով հրազէն-
Ու կ՛օրօրուիս միայն ուտէն։
Պողպատի պէս հրատապ
Երկիր հազիւ գրկաչափ
Բայց սիրտդ մեծ ու անափ.
Դու քաջութիւն ծնած հող
Փարոսի պէս ճարճատող
Կարօտի ճայ ծովալող։
Բիւր հերոսի դու երկիր
Երազներու ջահակիր
Մայիս իննի շաղուկիր.
Ցաւերուն դէմ յոյսի բերդ
Թոհուբոհին դէմ լուսերթ
Մեր հայրենիք մանրակերտ։
Շուրջդ ծովերը քար ու ժայռ
Վիշտը գլխուդ՝ երկնակամար,
Թէ ի՜նչ Աստուած, թէ ի՜նչ Ալլահ
Քարէ քերթուած ես, Ղարաբաղ։
No comments:
Post a Comment