Յակոբ Ճէլալեան: Աղերս առ ցուլն
Նախնիներուս սրբազան ցուլ
Մեր հեթանոս մեհեաններուն
Աստուածութիւն պղնձաձոյլ
Սեւեռաբիբ ու մշտարթուն:
Մեր պատմութեան չափ հնամեայ
Ու թշնամեաց դէմ կուռ ասպար
Հայ աշխարհի անյաղթ հսկայ
Երկնատարած ձիգ լեռնապար:
Հովանիիդ տակ նոր սերունդ
Հեռասլաց շանթէ մկունդ
Ոգոռումի վճիռ անդուլ:
Թող եղջիւրներդ երկգագաթ՝
Վահագնաշունչ ուժի հաւատ,
Մեր երթին լոյս ծորեն, ո՜վ ցուլ:
No comments:
Post a Comment