Tuesday, August 10, 2010

Իգնա Սարըասլան։ Ճիւղ

Ճիւղ մըն էր
ճիւղի նման աղջիկ մըր էր
գարնան
գոյն-գոյն

Աշնան
տերեւներուն նման
մազերը
դեղինի կը ներկէր

Հիմա ան
սրտի մը հնոցին մէջ
սիրոյ ծաղիկ մըն է
կը բռնկի ու կ՛այրի

Հիմա ան
սիրոյ ծաղիկ մըն է մշտավառ
որ կ՛այրի – որ կ՛այրի անդադար
բայց երբեք չի մոխրանար

No comments: