Նորա Պարութճեան։ Ճերմակին վրայ
ճերմակին վրայ ընդլայնած պատմութիւն մը կը հեւայ
ու չի կրնար արձակուիլ իր սաւանի տարածքէն
անցեալն այնտեղ մերթ ընդ մերթ կը մռմռայ համրօրէն
լռութիւնը քունի մէջ ըմբոստութեան ծախելով
կը հանդարտի խաւարը
լոյսին հաշիւը չկայ
շղարշուած հարցումը ծոցէն իջնող վիրապի սանդուխները կը փնտռէ
մոռցուելու
բայց որմէ՞
որո՞ւ կողմէ ան կրնայ անգամ մը եւս բեղմնաւորուիլ
ու վարդ բուրել
եղանակները մեկնեցան առանց ետեւ նայելու
հրաժեշտի սիրային հպումն անգամ ողբերգութեան թաթխելով
չպատմուող մարմինը
ինքն իր վրայ կը հալի
ու ինքն իր մէջ ոչնչութեան հունտերը մէկիկ մէկիկ կը ծամէ
անոնք պիտի չպայթին
չունին միջուկ
ոչ իսկ խօսքի զօրութեամբ կեղեւներէ մերկացնող արթնութիւն
հեւալու պէս կը սահին դէպի անզօր ժամանակ
բայց հողին մէջ տեղ չունին