Showing posts with label Shahban. Show all posts
Showing posts with label Shahban. Show all posts

Thursday, March 27, 2008

Շահպան։ Ոտնաձայներ



Ձայներուն մէջ
ձայն լսեցի.
ջուրի, կնոջ, ոսկիի
ձայնն էր.
կարկաչ, ճիչ, հունչ
կը կոչուէր։

Ձայներուն մէջ
ձայն մը եւս լսեցի.
սրտիս
ձայնն էր.
լռութիւն
կը կոչուէր։

Ձայներուն մէջ
վերջին ձայնը լսեցի.
Աստուծոյ
ձայնն էր.
արձագանգ
կը կոչուէր։

Ձայներուն մէջ
ձայն հանեցի.
ոտքիս
ձայնն էր.
քերթուած
կը կոչուէր։


Շահպան


Խորանարդ, Պէյրութ, 2006

Tuesday, March 11, 2008

Շահպան։ Պելլա Քաֆեթերիա

Շնորհք ըրէք, սիրուն օրիորդ,
Էսփըրէսսօ սուրճ մը ինծի.
Դեռ մէկ օրուան
նոր յաճախորդ,
Ձեր սուրճը ես շատ սիրեցի։

Ո՛չ խաղ կ՛ընեմ ոչ ալ կատակ,
Սուրճէն առաջ եւ աւելի՝
- Հաւատացէ՛ք,
մի՛ զարմանաք -
Անձամբ ձեզ է որ սիրեցի։


Շնորհք ըրէք, սիրուն օրիորդ,
Էսփըրէսսօ սէր մը ինծի.

Շահպան


Խորանարդ, Պէյրութ, 2006

Friday, March 07, 2008

Շահպան։ Դեղին Սարեակներ

Գարնան, ինշպէս միշտ, ամէն առաւօտ,
Պարտէզին մէջէն դեղին սարեակներ
Սուլելու կու գան պատուհանիս մօտ,
Սուլոցով կ՛ըլլան կարօտիս ընկեր։

Դեղին սարեակներ
Անգիտակ են դեռ
Գարնան պէս գարուն
Սրտիս ցաւերուն։

Աշնան, ինչպէս միշտ, ամէն երեկոյ,
Պարտէզին մէջէն դեղին տերեւներ
Ջոր կը խարշափեն, կը թափին յետոյ,
Խարշափով կ՛ըլլան երգերուս ընկեր։

Դեղին տերեւներ
Անտեղեակ են դեռ
Աշնան պէս աշուն
Սրտիս ցաւերուն։



Շահպան


Խորանարդ, Պէյրութ, 2006

Friday, February 29, 2008

Շահպան։ Վարդերը



Վարդերը կարմիր
շրթներուդ նման
համբոյրի կարօտ

(համբոյրի կարօտ շրթներուդ նման կարմիր վարդերը)

Զորս ինծի տուիր
եւ որ թօշնեցան
այս իսկ առաւօտ

Դարձան զիս տանջող սրտեր ամբասիր...

Գիտեմ որ ինծի սրտիդ տեղ տուիր
Վարդերը կարմիր...


Շահպան


Խորանարդ, Պէյրութ, 2006

Wednesday, February 27, 2008

Շահպան։ Էջը


Էշը գէշը էշին գէշը

ահը գահը եւ ագահը

ակը խակը եւ մեխակը կամ սոխակը
ակը սակը եւ հասակը
ակը հակը եւ Սահակը կամ պահակը եւ մահակը
ակը ծակը եւ պիծակը կամ մոծակը
ակը տակը եւ յատակը կամ կատակը եւ մատակը

աղը շաղը մթնշաղը
աղը խաղը բառախաղը
աղը ծաղը եւ ծանծաղը
աղը պաղը եւ ճապաղը

եռը սեռը միասեռը

իրը կիրը բեռնակիրը համակիրը խաչակիրը
իրը գիրը գլխագիրը խորագիրը վերնագիրը տպագիրը
գրագիրը ծրագիրը յայտագիրը խմբագիրը

ողը տողը փարատողը անջատողը մկրատողը կարկտողը
ողը կողը եւ հերկողը սակարկողը առարկողը ձեռնարկողը
ողը գողը բանագողը անարգողը
ողը փողը եւ չափողը կամ ծափողը

ԷՋԸ
ՄԷՋԸ
ՍՆԱՄԷՋԸ

Շահպան


Խորանարդ, Պէյրութ, 2006