Showing posts with label Zareh Topalian. Show all posts
Showing posts with label Zareh Topalian. Show all posts

Thursday, April 10, 2014

Զարեհ Թօփալեան: ԵՂԵՐԵՐԳ


Ապրիլեան նահատակներուն

Առաւօտ մ՚էր ցօղապաճոյճ,
Այսօրուան պէս խաղաղ, պայծառ,
Մատաղատունկ թուփերն վարդի,
Պէս պէս տունկեր առոյգ, վայրի,
Ոստ ու տերեւ պերճ ու փայլուն,
Մարգարտաշիթ ու սիրազարդ,
Օրն այդ շըքեղ, խոստմնալից,
Ծլվըլունով ծիծառներուն 
 Կ՚արշալուսնար գարնան ցայտքով 
Կենսաշողուն՝ շաղ առաւօտ։

Հանդ ու հովիտ կանաչազարդ,
Գեղատեսիլ, խանդաղակաթ,
Դալարազգեաց կախարդութիւ՜ն
Գարունն էր նստած հով դաշտերուն։
Զըւարթահոս գիւղի առուն՝
Ականակիտ ու փողփողուն,
Ուսած զմրուխտ իր ջուրերուն,
Առանցքներէն օձապըտոյտ
Գլգըլալով թափընթաց,
Գեղազուարճ սարերն ի վար 
գալարուն։ 

Երկինքը տաք ու շողշողուն։
Ծաղկած ծառերու ծամերուն
Ծիտերն ուրախ ու ճըռւողիւն։
Արտերն յուռթի ու գունագեղ
ծեքծեքանքով երերուն։
Հողմը օծուն մարմանդ բոյրով
Նորազուարճ ծաղիկներուն։
Արեւը գրկած կամարը հեռուն
Կապոյտը վըճիտ, ճերմակը անբիծ,
Շերտ շերտ բացուող նայուածքներուն.
Անհունութիւ՞ն
Թէ խորացող ունայնութիւն։

Այսպէս ծաղկուն ու դիւթահրաշ,  
Գարնանածիլ կեանքը դարուն,
Կը բացուէր լու՜ռ յաւերժալոյս
Բիւրակնեայ աստղերուն,
Ինչպէս երազն պարմաններուն։
Խորասուզուիլ կ՚ուզէր կարծես
Նախաստեղծի խոստումներուն,
Ու շօշափել ձեռքովն մաքուր
Նոր կտակն իր խաւարակուռ։

Իղձն էր հայուն քաջատոհմիկ,
Դառնալ տէրն իր ազատ կամքին, 
Ու բառնալ լուծն իր՝ դարեր պատած
ստրկութեան,
Ու հասնիլ հոն՝ մինչ անյայտին,
Աներեւոյթ երկինքներու 
Անդնդախոր անհունին,
Ու որոնել մէկիկ մէկիկ
ծլարձակուող
Ճակատագրի խորհուրդներուն,
Ու թափանցել հողակառոյց
Մարդոց սրտի գազանացած
ծալքերուն։

Ո՜հ, թէ ի՞նչպէս սիրտը մարդուն,
Անեղաշէն, անեզրական,
Որ սխրանքն էր հայր Աստըծուն՝
Համորովայն արարչական
բարիքներուն,
Անմատչելի իր խաւերուն
Կրցաւ խեղդել խաղաղ զարկը
Արեւաբաղձ երազներուն,
Ու վերածել այդ բաբախուն
Անմեկնելի սիրոյ ածուն,
Ծիծղուն որջը գազաններուն։

Ու պահել հոն՝մանուածապատ,
Խորն իր հրաշք երակներուն,
Ահագնագոչ բուքը գուժկան
Պատուհասիչ ղօղանջներուն։
Ազնուազարմ մեր մայրերուն
Ու քոյրերուն, վայելչակազմ
Ու կիսամերկ իրաններուն,
Պարտադրուած մարդախողխող
եաթաղանի
Անարձագանգ աղմուկներուն,
Անեղանակ երգը պարի,
Պարը մահուան ու կեանքի։

Եւ դեռ ինչպէ՜ս մոլեգնօրէն, 
Լուսանըշոյլ ու քնքշանոյշ
նայուածքներէն՝
Աղերսածոր ու կարկամած
Մեր մայրերուն ու քոյրերուն,
Անհետացան յաւերժօրէն,
Վայելչադէմ՝ գարնանային
Վառ տեսիլքներն կարկառուն։

Եւ դեռ ի՞նչպէս,
Ո՜վ մարդկային խղճմտանք,
Մարմիններէն արհաւրալից
Մեր մայրերուն ու քոյրերուն,
Շոգիացող վիշտն ու լլկանք
Կիրքերն գինով ներշնչեցին,
Որ շրթներով արիւնացայտք
Ըմբոշխնէին գազանացած՝
Բռնաբարուած բոյրը արեան
Հազար ու բիւր անմեղներու։

Եւ դեռ ի՞նչպէս եւ ինչու՞
Սիրտն աղուոր այդ բաբախուն,
Որ փունջ մըն էր գարնանայոյս
Բիւրակերպեան խոստումներու,
Արօտ մ՚ինչպէս դալարագեղ
Բազմագունեան ծաղիկներու՝
Հրաշակերտ ու սիրուն,
Ուր կեանքը սէր կը սփռէր,
Սէրը թովչանք կենսաբեր,
Դարձաւ մահիճ ոճիրներու
Ու մարդահոյլ զենարանի,
Գգուեց խորն իր ակօսներուն,
Զարհուրական հեւքը թուրքին։

Ի՞նչու յանկարծ մըրրկայոյզ
Ու բարձրաբերձ երկինքներէն,
Բարեհնչիւն հողմը լըռեց,
Ու չըտարաւ անշամանթաղ
Մեր աշխարհէն սուգ ու շիւան,
Բազմապատիր դաւադրանքն
Օրհասական նախճիրներու,
Որ հոն իշխէր խանդաղատանքն
Որպէս ցայգերգ հայրենաւանդ,
Եւ ցոլարձակ լոյսը դարձաւ,
Ընդհանրական պարտեալ պատրանք
Խաւարամած, անթափանց։

Ո՜վ իմացաւ թէ ի՜նչ ձեռքեր՝
Եղեեռնագործ, արիւնթաթախ,
Սաղմը բողբոջ խափանեցին,
Եւ ի՜նչ մտքեր ճարտարագիւտ
Մաքեաւելեան երկունքներու,
Աղիւս աղիւս որմնադրեցին 
Արիւնախանձ աշխարհ մը նոր,
Աշխարհ մը նոր ցնորական,
Արեւախանձ հայոց անուան
Ինչպէս դափնի «դանթէական»։

Օճախներէն խաղաղաբոյր,
Խորտակուեցան սրբութիւններ,
Ու տրտմահեղց անհետացան
 խինդ ու երազ տոհմական։
Անհետացան շունչ ու եռանդ,
Մատաղերամ պարմաններու
Մշմըշոցներըն խանդակաթ։
Ու հանգեցան պատրոյկներէն
Ճաճանչներն լուսարձակ,
Եւ վաղաժամ որձականչը
Երդիքներէն գեղջկական։

Ու  հանդերէն յաւէտ կորան 
Արտուորներն բահադուր։  
Կործանուեցան պալատներէն
Արտացոլքը բիւրեղացած 
արտօսր-ներու։
Անհետացան մռայլօրէն
Գիտակցութեան եւ կարեկցող
Նըշոյլներն ըզգաստութեան։

Մինչ՝

Արիւնահեղ մայրամուտին,
Վոհմակ վոհմակ գայլ գազաններ
Հեւ ի հեւ ու բանձրալուսիկ,
Կաղկանցելով հորիզոնին
Հաստատաքայլ մուտք գործեցին
Անապատի անպարագիծ՝
Համատարած ողբերգին,
Յօշոտելու լլկուած սրտերն
Մաքրամաքուր մեր կոյսերուն։

Ու սովահար՝ գազանացած
գայլերն անգամ,
Սարսափահար ու ոռնաձայն
Չափչըփեցին ուղղեկորոյս
Տափաստանն շղարշապատ
Ան-մահահոտ երկունքներու,
Դունչերն ուղղած դէպ մեղրակաթ
լուսնկան,
Բողոք կարծես վշտահարեալ,
Արիւնն անոնց գտան անհամ։

Ու փաղփաղփիւն ոսկեհատիկ
Արիւնաթոյր աւազներու
Անծայրածիր տարածքներուն,
Մղձաւանջն էր դահիճներուն
անագորոյն,
Բազմած այնտեղ կարմըրաւուն՝
Երկարաձիգ մահամատոյց
ըստուերներուն,
Ու բարձրաթիռ բազէներու
Զարհուրագոչ ճախրանքներուն,
Փոխան գարնան արտոյտներուն։

Անպարագիր տեսադաշտէն,
Բազուկներ բիւր կիսամբարձեալ
Անշարժացած դիակներէն,
Կախուած խաչի բեկ թեւերուն։
Եւ դեռ ձեռքեր փառած իրար
Աղօթքը ջերմ՝ սեղմ ափերուն,
Աղերս մ՚ինչպէս կիսաւարտ
Երկինք բարձած դէպի անխօս՝
Ամենատես միակ վըկան,
Գրկած երկիւղն եղեռնական։

Ի՞նչպէս գարնան բարեժըպիտ 
Օրն այդ պայծառ մթնակալած
Անդրդուելի խոր լռութեամբ,
Մարմաշին մէջ մայրամուտին
Քամահրանքով խաւարամած,
Կ՚անյայտանար յաւերժօրէն
հորիզոնէն ծիածանուած։
Կ՚անյայտանար նաեւ իր հետ
Լուսաողող բուրմունքներով 
Ջերմ արեւըն երեկուան,
Երկինքներէն քօղարկելով 
Ցասումներըն ցուրտ գիշերուան։

Ու կը տեսնեմ, դեռ ձեր արեան
Կաթկըթացող հրակարմիր
Կաթիլներու թարմ  հետքերով
Ուրուագըրուած դարն անցեալին,
Յիշատակի  ձեր մատեանէն
զայն խըլեցին անիծաբեր
բիծ մը ինչպէս,
Պատանդ որպէս վարձկաններու՝
Զայն յանձնեցին մոռացութեան, 
Ուրացութեան, սակարկութեան
 յորձանքներու,
Ու կերտեցին դար մ՚ամփոփող
Տարագրութեան  կնճիռներէն,
Հարթ քանդակն ձեր պատմութեան։ 

Ահա այսպէս տրտմաթախիծ, 
Ես տրուպս, կ՚անցնիմ բոկոտն
Ուխտեալ մ՚ինչպէս երկիւղած,
Խորհրդապատ ու խնկաբոյր
Յաւերժացած ոգիներու 
Խաղաղահեղ ձեր աշխարհէն,
Ո՜վ նահատակ եղբայրներ,
Բերելու ձեզ ընդվըզումիս
Դառնութեամբն շնչահեղձ,
Բուռ մը աղօթք թարմ ծաղկի մը
փոխարէն, 
Որպէս կամախ 
Անծայրածիր ձեր անթառամ՝ 
Սրբակառոյց շիրիմներուն։

Ու կը լըսեմ, 
դեռ կ՚առձայնեն անխոնջօրէն
Ձեզ ընկալող անհիւրընկալ 
Անապատի ընդերքներէն,
Տառապակոծ ձեր էութեան
Ու խորտակուած աճիւններու 
Մասունքներէն, 
Վեր բարձրացող բողոքը վսեմ։

Ու մ՜ինչ այսօր եւ միշտ անլուռ 
կ՚արձագանգէ
Սերունդներու ժառանգ մ՚ինչպէս,
Կըտակըն ձեր նըւիրական
Խորութեան մէջ վտարանդի
Արիւնաքամ մեր սրտերուն,
Ո՜վ ապրիլեան անմահներ։


Զարեհ Թօփալեան  
22 Օգոստոս 2009  

Քլամար Փարիզ