Showing posts with label ARMEN SEVAN. Show all posts
Showing posts with label ARMEN SEVAN. Show all posts

Sunday, December 13, 2009

Արմէն Սեւան։ Քմայք…

Մանուկ մը կայ հոգիիս մէջ որ կ՛երգէ,
Կը ծիծաղի, մերթ կը ժպտի ու կուլայ.
Ու տարէց մը՝ որ սառնասիրտ կը հեգնէ
Ճիգն՝ ի խնդիր իմաստի մը որ չիկայ…։

Իրարու պիրկ, ցուրտ գաղտնիքին հանդիման,
Կը պաղատի հոգիս, տրտո՜ւմ արցունքով.
Մինչ նորէն ա՛ն որ կուռքի մը նըման,
Կ՛արհամարէ, անտրտունջ ու անվրդով։

Տըղա՛յ մըն է հոգիս ու ծեր մը դժնէ.
Երբ կը ցնծայ մին՝ միւսը կը խոկայ.
Երկբայանքի գիշերներէն լուռ կ՛իջնէ
Այսօ՛ր նորէն բո՛ւ մը սրտի՛ս, սիրո՛յս վրայ։


Արմէն Սեւան (1892-)


ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.

Sunday, November 08, 2009

Արմէն Սեւան։ ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐ…

Click here for the audio segment ՈՒՂԵՒՈՐՆԵՐ…read by Lola Koundakjian.

… Եւ բոլորը կը քալեն. ուղեւորնե՛ր ակամայ.
Ոմանց ճամբան է լուսեղ, ուրիշներունը՝ մըթին.
Մին սըրընթաց կ՛արշաւէ, միւսին՝ ոտքը կը կաղայ,
Ու ամէնքը անվըրէպ կը հասնին նոյն վախճանին։

Փոսի մ՛եզերք կեցած են. ալ հանգի՜ստն է վերջնական.
Ինչ որ տուած էր աշխարհն, ե՛տ կ՛առնէ. թագ ու մական,
Ոսկի, փառք ու ծիրանի, եզերքին վրայ կը մընան՝
Ու բոլորը ձեռք ձեռքի կ՛առնեն հաղորդը մահուան։

1934



ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.