Ժանոյ Իփճեան։ Գարնանային Երգ
Շուրջս ամէն ինչ լեցուն է գարնան
Բերած զարթօնքով, երգով սրբազան.
Դաշտերը դալար՝ խելառ կը պարեն,
Ծաղիկի բոյրով յարբած զեփիւռէն։
Ծաղիկներ՝ գոյն-գոյն սէրով են փթթուն,
Մեղուներ դեղին կը ժողվեն անհուն
Նեկտարը դեղին՝ գարնան համբոյրին.
Ձմեռը արդէն մղձաւանջ է հին։
Այս բոլորին հետ, ասոնց հանդիման,
Սրտիս մէջ ամպեր դեռ կը յամենան…
Ձմեռն է ներկաս, գարունը՝ երազ,
Իսկ ես կþօրօրուիմ իղձերով անհաս։
Չեն հեռացներ խինդերը գարնան
Տրտում յոյզերը մթին ձմեռուան
Ու կը մնամ ես լուռ ու վշտահար,
Սիրտս ճաքճքած, կարծես ըլլար քար։
Երեւան - 1976
No comments:
Post a Comment