Friday, November 13, 2009

Խաչիկ Մարկոսեան։ Ակը…

Ձորակի մը մէջ մենաւոր,
Ծորող ակին նման զուլալ,
Բան մը սրտիս մէջ՝ հեշտօրօ՜ր
Կայլակներով կու գար թաւալ։

Կը կարծէի, թէ չե՛ն ցամքիր
Ջուրերն արծաթ՝ սրտիս ակին՝
Զոր բաշխեցի ես ամէնքին,
Արաբի մը նման ջրկիր…։

Երբեմն անոր ափունքներուն
Կը բուսնէին դաղձ, երիցուկ,
Ու երգելո՜վ կ՛երթար ծածուկ
Սրտիս մէջէն՝ սիրոյս առուն,

Բաշխուելու ամէ՜ն տարրի…
Ո՛չ ո՛ք սակայն, այցի եկաւ
Անոր ակին՝ որ ա՛լ տակաւ
Լքուած մենիկ՝ պիտի ցամքի…։



ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941

No comments: