ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
1929 Սեպտեմբերին հիմը դրուեցաւ ՆԱՀԱՏԱԿ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ հրատարակչականին, որուն նպատակն էր «Հաւագել եւ հրատարակութեան տալ արեւմտահայ նահատակ կամ մեռած գրողներուն երկերը»։
Ուրախ ենք յայտնելու, որ անցած տասը տարիներուն ընթացքին, հակառակ տնտեսական անօրինակ տագնապին, կրցինք լոյս ընծայել տասը լաւագոյն հատորներ ծանօթ գրողներէ։
Արդ, կը գտնուինք գործունէութեան նոր շրջանի մը սկիզբը։ Նահատակ կամ մեռած գրագէտներուն հրատարակութիւնը վերջացած չէ անշուշտ։ Մէկէ աւելի դէմքեր իրենց կարգին, արդէն կազմուած է Արտասահմանի նոր գրականութիւն մը, գրական բոլոր սեռերով։ Հրատարակչական ուրիշ որ եւ է մարմին գոյութիւն չունի այն նոր հոգը ստանձնելու համար։ Նկատի ունենալով ուրեմն օրուան պահանջները, Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ հրատարակչական մարմինը նպատակայարմար կը գտնէ ինքզինքը կոչել ասկէ յետոյ
Առանձ երբեք շեղելու իր հիմնական նպատակէն, կ՛ընդարձակէ իր գործունէութեան դաշտը, եւ կ՛առաջադրէ հրատարակել նաեւ երիտասարդ կամ տարէց, կենդանի հեղինակներոււ գործերն եւս, պահանջին եւ իր կարելիութիւններու սահմանին մէջ։
…
ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ
Ս. Վրացեան, Մկրտիչ Պասամեան,
բժ. Լ. Գրիգորեան, Շ. Նարդունի,
Հրաչ Սարգիսեան եւ Ա. Խանէտանեան
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Ա. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 11, Փարիզ 1939.
No comments:
Post a Comment