Արմէն Անոյշ։ Թաղում
Յաջողեցայ վերջապէս. սէ՛ր, կը թաղեմ քեզ այսօր.
Այսուհետեւ ես կրկին պիտի քալեմ յաղթական.
Երէկ դուն տէրն էիր իմ, ես քու գերիդ յանցաւոր,
Այսօր դարձած ես արդէն օրերուս շուքն անկենդան։
Լուսնի լոյսին տակ դողդոջ՝ կը թաղեմ քեզ այս գիշեր,
Յիշատակներս զերթ կերոն կը փայփըլին տրտմագին,
Հոգիէս փերթ փերթ կ՛իյնան անցեալի խե՛նթ անուրջներ,
Կ՛իյնաս անդարձ, յուսահատ, ու քեզի հետ կը թաղուին։
Կը թաղեմ քեզ. բայց ինչու՞ սիրտըս յանկարծ կը հեւայ,
Զղջումի դառըն շունչէն մատուըներըս կը դողան…
Ու հոգիիս մէջ կը զգամ ապաշաւը մեղանչման…
Բայց կը թաղեմ ես զքեզ, թէեւ քեզի հետ ահա
Պիտի թաղուի անկասկած մենաւոր սիրտս այս հըպարտ.
Կը թաղեմ քեզ, Սէր . արքայ, հողը թեթեւ գայ վըրադ։
ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ (Ժողովածու), Բ. Հատոր, Արտասահմանի Գրողներ, ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ Մատենաշար 12, Փարիզ 1941
No comments:
Post a Comment