Ժանոյ Իփճեան։ Գիտե՞ս, քեզ կը սիրեմ…
Արդէն սիրահարուած եմ աչքերուդ
խորքերուն մէջ խորհրդաւոր ու մութ
Կայծկլտող արեգակի շողերուն,
Չարաճճի այնքան ու փայլփլուն։
Ալիք-ալիք ջրվէժի պէս հոսուն
Մազերուդ խաղին վայրի ու խնդուն
Որ կը հասնին ուսերուդ հոլանի
Որսալով շողերն պայծառ արեւի։
Կը սիրեմ նաեւ շրթներդ նաշխուն,
Ժպիտդ շէնշող, ձայնդ գլգլուն,
Կուրծքերդ հպարտ ու ցանկագրգիռ,
Մարմինդ բարեմաճոյն ու գիրգ։
Եւ սիրահարուած եմ քեզի հետ ես,
Առանց իսկ ճանչնալու, տեսնելու քեզ,
Համոզումով հաստատ՝ թէ քեզ պիտþ գտնեմ,
Անծանօթ սէր գիտե՞ս, քեզ կը սիրեմ։
Լոնտոն - 2010
No comments:
Post a Comment