ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ: ԾԱՂԻԿ ՄԱՐՄԻՆ
Կը բազմիս ցանկութեան գահին
մերկ՝ բացի զգեստէդ
եւ ծաղիկը մարմինին
կը մնայ որբ
ժամանակը չի կրկնուիր
իսկ խաւարը գաղտնիքներն իր քնացած
ա՛լ չի բացայայտեր
Երազը գալիք
գիշեր է անդէմ
կը փառաբանէ զօրութիւնը բոցին
կը սրբացնէ նահատակութիւնը կրակին
եւ կը մեկնի ինքնագոհ
Լոյսէն առաջ
No comments:
Post a Comment