Tuesday, July 13, 2010

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ: ԿԸ ՄՏԱԾԵՄ

Կը մտածեմ երբեմն,
Թէ տարիները արդեօք
Խլել կրցա՞ն գանձերն իմ։
Թէ փոթորկուն ծով կեանքիս
Ծովահէնները որպէս
Տարիները թաւալող
Գողնալ կրցա՞ն երբեւէ
Խինդ ու կորովս անայլայլ,
Յոյսի պաշարս անսպառ։
Ու ահա ես ութսունի
Սեմին կանգնած լուսագէս
Ձէնով Օհան մը որպէս
Գոչել կրնամ վճռապէս
Թէ սիրտիս մէջ իմ անտես
Ունիմ ճերմակ քանի՜ տետր,
Որոնց ձիւնկաթ էջերէն
Պիտի խօսիմ աշխարհին
Թէ ունայն չէ կեանքը այս
Երբ օրերուդ դաշտերուն
Հերկերն անվերջ ողողես
Որպէս սիրոյ սերմնացան։
Ի՛նչ փոյթ, ինչ փոյթ որ չըլլաս
Դուն հնձուորը ակաղձուն–
Սէր սերմանէ յաւիտեան։



* * *

No comments: