Wednesday, February 25, 2015

ՀԱՄԱՍՏԵՂ: ՄԱՀՈԻԱՆ ՏԵՍԻԼՆԵՐ

Պատուհանիս մէջ ցուրտ հովը դեղին 
Տերեւ մը ձգեց…
Քոյր իմ, մօտեցիր,
Տե՛ս, ո*վ է կ՚անցնի մօտի անտառէն:

Մօտի անտառէն ուռերու վրայ 
Հովին պէս արագ դագաղ մը կ՚անցնի…

Վերջալոյսը լուռ կը հատնի հիմա…
Ո՞վ է կը հատնի վերջալոյսին հետ…

— Հո՛ն դաշտերուն մէջ , վերջալոյսին հետ 
Կը հոգեվարի ծեր ձի մը կարմիր…

Ա՛լ արեւ չ՚կայ , ալ մութէ հիմա
Այդ ի՞նչ ստուեր էր դողալով անցաւ…

Գորշ մութին մէջէն, տանիքներէն վեր,
Ագռաւներու սեւ երամ մը անցաւ

Ճրագիս լռյսր  շարժիլ ըսկըսաւ
Հեռո՜ւն ի՞նչ բոց է, կը փըլի կարծես…

—Հո՛ն ծովուն  վրայ , հորիզոնին մօտ
Նաւ մը հրդեհուած կ՚րնկղմի ահա

— Ճրագիս յոյսը ալ կը պապակի
Այդ ի՞նչ աղմուկ է հեռուէն կուգայ

— Լեռներէն ասդին ճերմակ գառներու
Հօտը զարհուրած,
Քաղցէն  կը  մայէ  ու աստղերան  տակ 
Քարեր կը  կրծէ…

Ճրագիս ձէթը հատնիլ սկսաւ
Ա՜հ   քոյր, հեռացիրփակէ դռները.

Լուո  փողոցներէն,   մութին մէջ  մահուան  ճիւաղը կ՚անցնի…։


Փիւնիկ, թիւ 25, 1920


No comments: