Դանիէլ Վարուժան։ Ձօն
Եղեգնեայ գրչով երգեցի փառքեր.
—Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք —
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրէր…
—Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք —
Եղեգնեայ գրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լո՜յս ելանէր։
Սօսեաց անտառէն էի զայն կըտրէր…
—Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք —
Եղեգնեայ գրչով երգեցի քուրմեր.
Ընդ եղեգան փող լո՜յս ելանէր։
Եղեգնեայ գրչով երգեցի կարօտ.
—Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ—
Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ՚էր ծըղօտ…
—Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ—
Եղեգնեայ գրչով երգեցի հարսեր.
Ընդ եղեգան փող ո՜ղբ ելանէր։
Եղեգնեայ գրչով երգեցի արիւն,
—Ձեզի ընծա՜յ , սուրի զոհեր—
Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…
—Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր—
Եղեգնեայ գրչով երգեցի վէրքեր.
Ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելանէր։
Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.
—Քեզի ընծա՜յ , հայր ալեհեր—
Ցամքած աղբիւրէն մեր զայն յօտեցի…
—Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեվէր—
Եղեգնեայ գրչով օճախս երգեցի,
Ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր։
Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.
—Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ—
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
—Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ—
Եղեգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր։
—Ձեզի ընծայ, հայ մարտիկներ—
Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…
—Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ—
Եղեգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.
Ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր։
ԳՐԱԿԱՆ ՑՈԼՔԵՐ, 5, Դանիէլ Վարուժան, Սարսուռներ-Ցեղին Սիրտը, Հատուածներ. Վենետիկ, Սուրբ Ղազար, Մխիդարեան Հրատարակութիւն. 1944։
No comments:
Post a Comment