Tuesday, February 03, 2015

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ ԱՆԴԱՄ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ «ՓԷՆ»Ի ՊԱՏՈՒՈՅ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Գոհանակութեամբ կը տեղեկանանք որ Համաշխարհային Գրողներու Միութեան՝ ՓԷՆի Թուրքիոյ կեդրոնը կատարեց իր Ընդհանուր Ժողովը, ինչպէս նաեւ Պատուոյ Խորհուրդի եւ վարչութեան ընտրութիւնները։

Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլ, Մայա–Ճիւնէյթ Թիւրէլ թատրոնի հանդիսասրահին մէջ, որուն իրենց բազմահոծ մասնակցութիւնը բերին Թուրքիոյ գրական ու մամլոյ աշխարհին ներկայացուցիչները։

Ընտրութիւնները տուին հետեւեալ արդիւնքները։ Պատուոյ խորհուրդի որպէս անդամ ընտրուեցան թերթիս աշխատակից, բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, ինչպէս նաեւ թուրք գրականութեան եւ մամուլի երկու նշանաւոր անուններ՝ Ատնան Էօզեալչընէր եւ Տէնիզ Գավուքճուօղլու։

Յիշեցնենք թէ Իգնա Սարըասլան երրորդ անգամ ըլլալով կ՚ընտրուի այս պատուաբեր եւ հպարտացուցիչ պաշտօնին։ Իսկ Վարչութեան կազմը բաղկացաւ հետեւեալ անուններէ։ Նախագահ՝ Զէյնէպ Օրալ, անդամներ՝ Հալիլ Իպրահիմ Էօզճան, Թիւլին Տուրսուն, Թարըք Կիւնէրսէլ, Զէյնէպ Ալիյէ, Մարիօ Լէվի եւ Հայտար Էրկիւլէն։ Ընդհանուր Ժողովի աւարտին հրատարակուեցաւ գաղափարի եւ արտայայտութեան ազատութեան վերաբերեալ համապարփակ եւ խիզախ հաղորդագրութիւն մը։

Ընտրութեան արդիւնքները եւ Ընդհանուր Ժողովի հաղորդագրութիւնը լայնօրէն տեղ գտան թուրք եւ օտար մամուլի էջերուն, ինչպէս նաեւ համացանցային լրատուութեան միջոցներուն մէջ։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի աշխատակից ու հանրայայտ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանը։


Մարմարա օրաթերթ

No comments: