Հովհաննէս Ասպետ։ ՄԵՌԵԼՈՑ
18 Սեպտեմբեր 1967
Դառնօրէն կու լայ հոգիս,
Անոր մարող սրտին վրայ.
Շուտով կը ծածկուի շուրջս,
Աշուն մը դեռահաս
Թարշամած ծաղիկներով։
Ո՜վ հիմա նա կը ևևջէ անշշունջ,
Իր հարսանեկան
Սպիտակ հանդերձներուն մէջ,
Խ՜որ սեւ հողին տակ.
Բայց նա դեո կ՛ապրի խ՜որ սրտիս մէջ.
Մինչդեռ իր հոգեացած էութիւնը
Միացաւ սուրբ հրեշտակած
Երջանկայար խումբին։
Միացաւ սուրբ հրեշտակած
Երջանկայար խումբին։
Ափսո՜ս այլևս չկայ նա,
Սէրը՝ հրայրք աղջկան,
Ու իր քաղցրութիւնը անբաւ.
Կ՛զգամ որ իր լուո հոգւոյն ընղմէջէն,
Դեո կը տանի իր հետ իմ յոյսերը բոլոր։
Կ՛զգամ որ իր լուո հոգւոյն ընղմէջէն,
Դեո կը տանի իր հետ իմ յոյսերը բոլոր։
Իրիկուան այս երկարող պահերուն մէջ լռին,
Կեանքի անգուտ տուայտանքները
Ո՜րքան կը տրտմեն իմ հոգին,
Ու հանդարտօրէն անդիմադրելի մորմոքներ,
Կը բերեն աչքերուս թոյլ կաթիլներ արցունքի։
Ո՜րքան կը տրտմեն իմ հոգին,
Ու հանդարտօրէն անդիմադրելի մորմոքներ,
Կը բերեն աչքերուս թոյլ կաթիլներ արցունքի։
Օ՜ իմ քաղցր հոգիակ, իմ միակ սէրը կեանքիս,
Ա՜ւաղ ղուք հրահրուած մարեցաք.
Մինչ անդին իր պարտէզին,
Ծաղիկներն ա լ կը խամրին մի աո մի,
Կարմիր վարդերուն հետ աշունի ...
Ծաղիկներն ա լ կը խամրին մի աո մի,
Կարմիր վարդերուն հետ աշունի ...
Ա՜խ, հոգիս իր լուո դամբանն է։
Հովհաննէս Ասպետ
Վերի բանաստեղծութիւնը «Սիրոյ Քնար » ի մէջ մաս կը կազմէ.
Վերի բանաստեղծութիւնը «Սիրոյ Քնար » ի մէջ մաս կը կազմէ.
No comments:
Post a Comment