Saturday, February 20, 2010

Սիպիլ։ Ապրի՜լ

Ինչո՞ւ գըրել, խօսիլ, խոկալ,
Հարցում ուղղել չորս հովերուն տիեզերքին,
Երբ գոչիւններդ, հարցումներդ ալ
Պիտի մարին, պիտի հալին, պիտի ցնդին
Ալքերուն մէջ մեծ անդունդին:

Ինչո՞ւ խորհիլ, տքնիլ ինչո՞ւ,
Երբ անկարող ես թափանցել, հըպանցել գէթ
Կեանքն ըսպառող գաղտնիքներուն,
Երբ խեղճ մտքիդ բոլոր ճիգերն, յումպէտ
Անէանայ պիտի յաւէտ:

Ինչո՞ւ երկնել, ինչո՞ւ տալ կեանք
Սրտիդ հորուտ յուզումներուն, թէ ցիրուցան`
Ժամանակին ճիրանին տակ
Օր մը անոնք բըզիկ բըզիկ պիտի ըլլան
Մոռացութեան դարձած ճարակ:

Ինչո՞ւ հեծել, ինչո՞ւ հեւալ,
Երբ ոգեսպառ աղաղակովդ անրուն, անծայր,
Դուն չես կարող պահ մը վերջ տալ
Թոշուառութեան յորդ հեղեղին ամպրոպավար,
Որ կ’ողողէ համայն աշխարհ:

Ինչո՞ւ սիրել սերտ, խանդակաթ,
Թէ չես կարող պահել գրկէդ յար անբաժան,
Հոգէ, ցաւէ, վէրքէ ազատ,
Եւ կը թողուս, որ մահն անգութ գայ խըլէ զայն,
Զոր սիրեցիր հոգիէդ շատ:

Ինչո՞ւ ապրիլ, թափել արցունք,
Երբ չես կարող ըսել դժբախտ էակներուն
Զորս կը տանջէ քաղցն ու պասուք.
«Մի զրկըուիք. ահա՛ մարմինս, ահա՛ արիւն,
Առէ՛ք, կերէք, ապրեցէ՛ք դուք»:


(1863–1934)

No comments: