Զապէլ Ասատուր։ Անցնելու մօտ
Click hear for the audio clip While passing read by Yeraz Markarian.
Մենք չենք սիրեր կեանքն յորդաշունչ, կենդանի,
Անցնելու մօտ իրերն զմեզ կը կարթեն.
Ու կը ցաւինք , երբ բախտն հեռու կը տանի
Ինչ որ երէկ արհամարհած ենք արդէն։
Մենք կը սիրէնք, երբ արեւը ծիրանի՝
Հալած, հատած մոմի նման ոգեվար՝
Ալիքներուն գոգն իյնալով շիջանի
Սողոսկելով խարակներէն զառ ի վար։
Ծաղիկները, զոր կը թողունք որ ցամքին
Թօնուտ օդին, ցուրտ արեւուն տակ աշնան,
Ծառաներու յանձնած կոպիտ խնամքին,
Թոռմելու մօտ՝ կարծես յանկարծ կ՛անուշնան։
Սրուակները, որոնց բոյրը կը հատնի,
Ա՛լ աւելի մեզ սիրելի կը դառնան,
Ինչպէս դեղնած սիրոյ թղթիկ մը գաղտնի,
Զոէ կը պահենք գուրգուրանքով անսահման։
Եւ մեր սէրը, ոսկեփետուր թռչուն բիլ,
Զոր անսւաղ կը լքանենք շատ հեղ մենք,
Երբ թեւ կ՛առնէ կ՛ուզէ մեզմէ խուսափիլ,
Դողդղալով մեր հոգւոյն մէջ կը սեղմենք։
Մրմունջները որոնք հեռուն կը մարին։
Կոչնակները, հաչիւնն անգամ շուներուն,
Գորշ ամպերն իսկ փակած կապոյտ կամարին,
Մեկնելու մօտ՝ հմայք մ՛ունին օրօրուն։
Յուզմունքներն ալ կը վրդովեն մեր հոգին
Եթէ չելլան երազի պէս թեւաւոր.
Եւ կեանքն արդեօք կ՛ըլլա՞յ այնքան թանկաքին,
Այնքա՞ն անուշ, երբ չսպառնայ մահն անոր։
No comments:
Post a Comment