Thursday, July 10, 2008

Ահարոն Տատուրեան: Նախերգանք XX

Եւ միջօրէ. կըղռամէտ օ՜ր հասարակ,
Պայծառ արեամբ եւ ջինջ զարկով սիրտ յուռթի,
Մեղր որ մեղու ճաճանչներէն կը կաթի,
Ես կ՛ողջունեմ քեզ տաւիղով սիրերգակ։

Եւ միջօրէ. բարձրակէտ օ՜ր հասարակ,
Ցոփ պարուհի՝ գինեզըւարթ զենիթի,
Տալով հրաւէր մարդոց տօնի եւ կայթի,
Կիզիչ շուրթով քեզ կը գըրկեմ համարձակ։

Ո՜վ միջօրէ, յորդ լիութեամբ օրհնաբեր,
Քիրտ եւ արօր, եւ գերանդի եւ որայ,
Խոր պաշտումով քեզ կը բանանք մեր ափեր։

Դուն սընուցիչ ըստինք սիրոյ մեծ աղբեր,
Եւ տաղերուս կուռ հասկերուն կալորայ,
Քու տաք հացիդ քաղցեալ հօտն ենք անհամբեր։


ԱՀԱՐՈՆ

Ահարոն Տատուրեան (1886-1965)

No comments: