Արսէն Երկաթ։ Ճրագը
Click here for the audio clip The Lamp read by Lola Koundakjian.
Ճրագը սեմին առջեւը դի՛ր,
Ծարաւ անցորդ մը գուցէ
Լոյսը տեսնէ եւ յուսալիր՝
Աղբիւրիս ջուրը հայցէ…
Ճրագը հովէն պաշտպանէ դո՛ւն.
Գուցէ եկուոր մ՛անօթի
Լոյսը տեսնէ եւ գայ ժպտո՜ւն
Առնել բաժինն իր հացի…
Ճրագը մինչեւ լոյս վառ մընայ,
Գուցէ եղբայր մ՛անծանօթ
Շատ ուշ գիշեր վերադառնայ
Բաժնել ցաւերս ու կարօտ…
Իսկ եթէ ճրագն առկայծի շուտ,
Աչքերդ բաց ըսպասէ՜,
Տո՜ւր ինծի աղօթքը ձեռքերուդ,
Պիտի գայ մահը գուցէ…
Արսէն Երկաթ
No comments:
Post a Comment