Արսէն Ճանեան: ԱՐԵՒՈՒՆ ՏԱԿ
Ես ալ քեզի պէս կ՚ուզէի շողալ
Անխտիր, ամբո՜ղջ աշխարհի վրայ
Բախտաւո՜ր արեւ։
Այդպէս՝ կ՚ուզէի փողփողուն դէմքս
Բախտին պէս ցոյց տալ մարդերուն բոլոր
Օրհնաձիր արեւ։
Ես ալ կ՛ուզէի աշխատող ամէն հաւատաւորի
Հարուստ բաժին մը սահմանել սրտէս
Սիրածոր արեւ
Ես ալ կ՚ուզէի ցոլքերու ցանցով
Անո՜յշ օրօրել բեռնաւոր ոստը ծառին օրհնաբեր
Երջանիկ արեւ։
Ես ալ քեզի պէս վերջապէս իմ քոյր
Կ՚ուզէի ըլլալ մտերիմ կայծը մարդկային խորքին.
Գորովոտ մայրը՝ մարդուն արցունքին
Խորարմատ ցաւին, կրակ կարօտին
Թալանուած սրտին, անհուն զրկանքին
Ժողովուրդներու հասարակաց սիրտ՝
Լուսատո՜ւ արեւ։
Պոլիս - "Արեւուն Տակ" 1962
No comments:
Post a Comment