Sunday, October 19, 2008

Համբիկ Մարտիրոսեան։ Ապրիմ… Մեռնիմ

Click to hear the audio clip Marguerite read by Lola Koundakjian.


Գարուն է հոգւոյս մէջ
Ու կանաչ Ապրիլ…
Ծաղկեր են յոյսերս՝
Նոր խինդով մ՛անգին,
Պարտէզիս մէջ ծլեր
Նոր ապրիմ-մեռնիմ,
Վճռած եմ… ես
վճռա՜ծ՝
Վերստին ապրիլ,
Գտնելու տենչով
Իմ կորսնցուցած
Սէրս հեռաւո՜ր
Մանկութիւնս ո՜րբ
Երազս կապո՜յտ
Երգս սպիտակ՝
Ծո՜վ… մշուշապատ…։




«Սպիտակ երգ», Պէյրութ, 2003.

No comments: