Sunday, October 12, 2008

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ


(Կենսագրական գծեր)


Ծնած է Պէյրութ,1927 Հոկտեմբեր 7-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, ապա երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական Լիսէն, եւ աւարտած Առեւտրական ճիւղը 1945՝ին։
Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սերով։
Յիսունական թուականներէն սկսած է մաս կազմել այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւուրումներու։ Գործօն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։
Իր գրութիւնները, 1954-էն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Համայնապատկեր» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։ Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագրին եւ ապա մօտ տասը տարի, մինչեւ 1986 մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։
Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959-ին, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիսռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» արուեստի պարբերագիրքը։
Իր լոս ընծայած գործերն են.- «Մատանիներ» 1969, (արժանացած «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակին), «Արմատներ» 1989 եւ «Տագնապը» 2000, պատմուածքներու հատորները, «Նայիրեան Մորմոք» 1982, (արժանացած «Ալեք Մանուկեան» գրական մրգանակին,) եւ «Աշոտ Ողորմած» 1991, թատրերգութիւնները։ «Արշիլ Կորքի» վէպը, 2004-ին, կու գայ ամբողջացնել գեղարուեստական արձակի իր եռափեղկ շարքը, նաեւ արժանանալով՝ Հայաստանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան 2004 թուականի տարեկան Գրական Մրցանակին եւ «Հայկաշէն Ուզունեան» Գրական Մրգանակին։ 2007-ին ֆրանսերէնէ թարգմանած եւ լոյս ընծայած է Արմէն Լիւպէն-Շահան Շահնուրի ամբողջական բանաստեղծութիւնները՝ «Շուրջը Ոջինչ» խորագիրով։
2008-ին արժանացած է Ամենայն Հայոց Հայրապետ Գարեգին Բ-ի շնորհած Ս. Սահակ-Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին։
Ան ամուսնացած է վաստակաշատ դաստիարակուհի Հայկուհի Աճէմեանին հետ, ունի չափահաս երեք զաւակներ եւ 1987-էն ի վեր հաստատուած է Լոս Անճելըս։

No comments: