Friday, October 17, 2008

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ: ԹՈՌՆԻԿ ՀԵՌԱՒՈՐ

Թոռնիկ սիրական, թոռնիկ հեռաւոր,
Ես քեզ չեմ տեսած, բայց կ՚ըսեն որ կաս.
Օրօրանիդ մէջ կը ննջես անդորր,
Գուցէ կը ժպտիս, գուցէ եւ կու լաս։

Դուն աշխարհ եկար, երբ ես կը մեկնիմ,
Իրարմէ հեռու, ծովերով բաժան.
Ես պիտի չըլլամ պապիկ մտերիմ
Եւ քու ծաղկումիդ երջանիկ վկան։

Երբ դուն կը նետես քայլըդ առաջին,
Նոր իջած քու մօր խանդակաթ գրկէն,
Ինչպէ՜ս կ՚ուզէի սիրով ցնծագին
Բռնել քու դողդոջ կակուղ թաթիկէն։

Օ՜ ճակատագիր… դառնալ մեծ հայրիկ.
Բայց չկարենալ անուշ ձագուկին
Լսել նորազարթ բառերը քաղցրիկ
Եւ զինք կուրծքիդ դէմ սեղմել կաթոգին։

Թոռնիկ սիրական, ո՛վ թոռնիկ երազ,
Պապիկդ անծանօթ արդ կրնայ միայն
Օրհնել քեզ հեռուէն, որ ծաղկիս, մեծնաս
Եւ պայծառ պահես ճրագը մեր տան։


Դեկտեմբեր 20, 1989
"Իրիկնալոյս Ռումբերու Տակ"

No comments: