Sunday, October 12, 2008

Սարգիս Վահագն։ ԿՐԱԿՄԱՐ


Փակէ՛ փեղկերդ,
Դուռ ու պատուհանդ,
Փակէ՛ ինչ որ կրնաս.
Աչքե՛րդ, շրթնե՛րդ, ունկե՚րդ,
Ամէ՚ն, ամէն ինչ։
-Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ։

Դուրսը՝
Գիշերը առանձին՝
Կը ճանկէ աչքը աստղերուն։
Սալայատակները՝ ամայութեան,
Կը սրսփան, կը դողան,
Կաղկանձներուն տակ լռութեան։


Դուրսը՝
Անձաւներէն իջեր է մարդը։
Եւ մերկ նստեր՝
գիշերուան յեսաքարին վրայ
Կը սրէ ժամիքները բնազդին։
Նախամարդը՝ հրազէնի երախներով
Կը գոռայ իր վախը։

Շո՛ւտ,
Փակէ դուռ ու պատուհան,
Դեռ՝
Կղպէ՛ սիրտըդ ալ
Հաւաքէ՛ երազներդ,
Ծալլէ՛ տերեւներդ,
Կապկպէ՛ կեղեւներդ,
Փակէ ինքզի՚նքդ.
- Դուրսը կրակմա՛ր է…

Պէյրութ 1981

No comments: