Ռուբէն Գազանճեան։ Միջերկրական
Հորիզոնին վրայ գեղեցիկ չէր լուսինը.
ալիքը բարձրացաւ եւ զայն ծածկեց
երբ սկսաւ փոթորիկը
երբ ջուրերուն վրայ տխրութիւնս գեղեցկացաւ։
Փրփուրներ բարձրացան մինչեւ աստղերուն.
վար իջան, ճակտի՛ս։
Աչքերուս մէջ ինչ կը տեսնես՝ արցունքներ չեն
այլ Պայծաչակերպութիւնը ցաւիս։
Ռուբէն Գազանճեան, "Կեանքը-քոյրս" Փարիզ, 1964.
No comments:
Post a Comment