Wednesday, October 29, 2008

ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ: ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՄԵՂԵԴԻՆԵՐ

Համանուագ կայ այսօր բնութեան մէջ եւ օդին՝
Ճռուողիւններ սիրակա՜նչ համերգի պէս ներդաշնակ,
Կը դաշներգեն ցնծագին մեղեդիներ գարնայի՛ն.
Երկինքն այսօր է՛ կարծես երգեհոն մը հովուերգակ:
Որուն ոսկէ՜, արծաթէ՜ ստեղներուն վրայ ջինջ,
Կը նուագե՜ն, կը կայթե՜ն նուրբ մատներով թռչունի:
Առաւօտեան զով սիւքին ու զեփիւռին թաւշային,
Աղբիւրներուն երգեցիկ, առուակներու խոխոջին
Լուսակարկաչ մեղեդին՝ խարշափներով դաշնաւոր,
Ու գիւղակի մատուռին ղօղանջները մեղմօրօր
Կ՚ըլլան համերգ ազգային, բնութեան մէջ բազմալար,
Սրնգահար հովիւն ալ՝ արուեստագէտ խմբավար:
Գարնանային համերգի մեղեդիներն այս ցնծուն,
Կ՚ողողեն զիս նուագով, բնութեան խոր ձայներով:
Ժխորներէն քաղաքին, աղմուկներէն մայթերուն
Ու յափրանքի հովերէն հոգիս դարձած պարտասուն:
Կը վերանա՜յ ըմպելով վայելքի հե՛շտ բաժակէն
Կ՚այլակերպուի փառահեղ լուսերգութեան այս տօնէն:
Կ՚արձագանգեն հոգւոյս մէջ նուագները բնութեան,
Յուզումներու թրթիռներս ձայնանիշեր կը դառնան.
Ծնունդ կ՚առնեն արիւնէս նոր երանգներ խազերու,
Կ՚այլափոխուի տարօրէն հոգիս վինի բազմալար,
Կը զգամ ցաւը երկունքի ծնելիք նոր երգերու:
Լոյսի, ձայնի ծուէններ, որոնք փերթ-փերթ կը թափին,
Կ՚ըլլան երգեր տաւղահար, մեղեդիներ գարնայի՛ն:

No comments: