ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: 74 ԹԻՒ ՆԱՒԸ
Ա.
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
կեանքը մերթ տերեւի մը չափ թեթեւ
մերթ տերեւի մը չափ ծանր էր
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
կեանքը մերթ սկսած կէտին վրայ կը վերջանար
մերթ վերջացած կէտին վրայ կը սկսէր
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
Բ.
Քիլիոսի ծովափը աւազներուն վրայ
Արեւը դեռ չէր ծագած
Դուն մազերդ հովուն տուած կը վազէիր
Կակաչի մը նման մերկ
Շուշանի մը չափ անբիծ
Մինչ արեւը կը ծագէր Կիւմիւշտէրէի – Քըսըրքայայի վրայ
Ծովը գոյն կը փոխէր
Ալիքներու – եղէգներու – ճայերու համերգը կը սկսէր
Եւ դուն սէրս հագուած կը վազէիր
կը վազէիր
կը վազէիր դեռ
Գ.
Խարտեաշ աշուն մըն էր
Արնավուտգիւղի նաւամատոյցէն 74 թիւ նաւը կը մեկնէր
Կը ճեղքէր ծովը – դիմաց կ՚անցնէր
Գանտիլլիի աղբիւրին քով ձկնորսները ուլականջ կը մաքրէին
Չէնկէլգիւղի հսկայ սօսիին տակ
Ճնճղուկ մը կապոյտ սիրերգ մը կը հիւսէր
Դուն մազերուդ մէջ ռեհանի ծաղիկներ
Հեռացող նաւուն կը նայէիր
74 թիւ նա՞ւն էր – թէ ոչ մեր կեանքը ու կը սահէր
Նաւը կ՚անհետանար – փրփուրները կը մնային
Փրփուրներ ռեհանի ծաղիկներու նման
Փրփուրնե՞ր էին – թէ ոչ յիշատակի բեկորներ
Բիբերուդ խորը կարօտ մը կը թանձրանար
Դ.
Թարթիչներուդ ծայրը կաթիլ մը սէր
Թարթիչներուդ ծայրը ես առաւել դուն
No comments:
Post a Comment