Friday, June 20, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ՆՄԱՆ ԱՆՍԱՀՄԱՆ ԷԻՆՔ ԼՕ


Հալիքարնասի քարայրին մէջ - ոչխարի մորթի մը վրայ
Սիրոյ քերականութիւնը սերտեցինք վանկ - վանկ
Մինչ ածուխ մազերուդ դեռ մկրատ չէր դպած Լօ
Շրթներէդ խնձորի բոյր մը կը տարածուէր ալիք ալիք

Բաբելոնի պարտէզներուն մէջ պանանները ողկոյզ ողկոյզ էին
Մինչ գորշ ձիթենիներու վրայ հրակէզ արեւ մը կը ծագէր
Եփրատի եզերքը երկու տատրակի նման
Արմաւենիներու տակ տաւիղի մը նուագով կը գինովնայինք

Աղեքսանդրիոյ մէջ մանիշակագոյն զեփիւռ մը կը փչէր
Ոսկի բաժակներէն սիրոյ նեկտարը կ՚ըմպէինք Լօ
Մինչ Միջերկրականը մեր ոտքերուն տակ կը մահանար փրփուր փրփուր
Եւ դարերու անհունը կը շոգիանար տարփանքի բոցերուն մէջ

Աննման գարուն մը կը ծաղկէր Կրետէի երկնակամարին տակ
Եւ լուսինը մացառներուն մէջէն աչք կը քթթէր
Մինչ Քնոսոսի պալատին սիւներուն տակ
Մեր սէրը անթառամ հէքեաթ մըն էր Լօ

Կղէոպատրայի գերիները քար կը կրէին բուրգերուն
Մինչ ես քու գերիդ - մազերուդ կառչած չէի ձգեր քեզ
Ճակատագիրս ճակատագրիդ փակցուած
Սիրտս քեզի համար կը տրոփէր - արիւնս քէզի համար կ՚եռար Լօ

Բայց դարերը ծիծեռնակ եղան թեւածեցին - անհետացան
Վարդի թերթիկ մը դարձան թառամեցան - ոչնչացան
Դուն անմահութեան - ես մենութեան հետ գլուխ գլխի մնացինք
Մինչդեռ հորիզոններու նման անսահման էինք Լօ

Օր մը անապատին մէջ արմաւենիի մը տակ
Պանդուխտ սրինգի մը դալկահար ձայնը երբ լսես
Այս բոլորը գոնէ պահ մը յիշէ - եւ յետոյ
Հորիզոններու նման անսահման երազ մըն է եղեր - ըսէ Լօ

12. 5. 1969

No comments: