Իրմա Աճեմեան։ Անձրեւին Միջոցին
Click here to hear the audio clip Raining read by Lola Koundakjian.
Ի՜նչ աղուոր է ուրախ ըլլալ
Ու չտխրիլ անձրեւով
Կամ չխորհիլ թէ ալ կրնայ
Արցունքի ալ նմանիլ…
Ի՜նչ աղուոր է խորը հոգւոյդ
Բորբ արեւ մը ունենալ
Մինչ ձեռքերդ վերմակին տակ
Պաղութենէ կը սառին…
Ի՜նչ աղուոր է աչքերուդ մէջ
Ծիծաղներով արթննալ
Ապակիին վրայէն երբ
Կաթիլները կը սահին…
Ի՜նչ աղուոր է երջանկութիւնն երգել անձայն
Մինչ հովն անդին
Տերեւներու ողբին նման
Միսմինակը կը գոռայ…
Ի՜նչ աղուոր է գիտնալ ասոնք
Զգալ կեանքը կուրծքիդ տակ
Եւ մանաւանդ հաւատալ թէ
Ամպերուն տակ երկինք մը կայ անպայման։
Ի՜նչ աղուոր է երբ մարդ կրնայ
Երջանկութիւնն այսպէս բաժնել
Բոլորին հետ հաւասար
Եւ վերջապէս սրտովն ըսել բոլորին
Թէ աղուոր է ուրախ ըլլալ
Ու չտխրիլ անձրեւով։
24.11.1962
« Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975
No comments:
Post a Comment