Sunday, March 15, 2009

Կարիկ Պասմաճեան։ Ուշ գարուն

Click here for the audio clip a late spring read by Lola Koundakjian.


ԱՆՈՐ ՈՐ ՊԻՏԻ ՉԳԱՅ

Օդը յանկարծ շատ տաք ըրաւ այսօր։
Անտառին մէջ, ուր մենք կ՛ապրինք միասին
բազմահազար մժեղներ
ծնունդ առին մէկ անգամէն։

Իսկ դուն կ՛առնես դեղդ յղութեան դէմ։

Այս գիշէր այնքան գեղեցիկ ես, բարի,
ուշացած գարնան բոյրով օծուն --
միսդ՝ հասուն, արդէն ամառնային…
օ՜հ ուշացած իմ սէր
որքան կ՛ուզեմ կեանք ստեղծել
ճիշդ պատկերիդ համաձայն։

1977


Կարիկ Պասմաճեան, Անաւարտ Խաղ, 1980

No comments: