Սոնիա Սանան: Բ Ա Ց
պատուհաններուս վարագոյրները փակելով աչքերուդ վրայ
բաց մութը մինչեւ վերջ
քաղաքը կը քնանայ անկողինիս մէջ խռացնելով յոգնածութիւնը
մարմնիս,
քաղաքը որ է վայր մը եզերքի պատմութեան
ուր ամառնային տաքը դիմաւորեցին հովանոցներու շուքերուն տակ
պահուըտելով ու ձմեռը մոռցան ձիւնին ճերմակէն զարմացած
պառկած է թեւերուս մէջ
տղայական սրիկայութիւն մը խաղալով, խաղալով, խաղալով
շունչիս համը փոխելով
փողոցի բոլոր կիներուն մէջքերուն գօտի կապելով
կարմիր, կանաչ, նարնջագոյն
բաց մութը մինչեւ վերջ
ջնջելու բոլոր լոյսերը յոգնած թաղամասերու անկիւններուն
ուր օթօները ետեւ ետեւի կը շարուին
կատուներուն սեռաբանութենէն գրգռուած, հիացած
անշարժացած ինչպէս մարմինը քաղաքին
որ հազարումէկ երազ որդեգրեց, բայց պահեց նոյն անունը
ինչպէս անունս, որ փոխեցի, փոխեցի, փոխեցի
կրկնուելով
նոյն ճամբաներուն մոխրագոյն հեշտանքը աւլելով
բաց մութը մինչեւ վերջ
լսելու զարկը քաղաքին
որ հագուստներուս մաշած խիղճը կը հեգէ
ու կը ձանձրանայ
Սոնիա, կ՚ըսեմ, քնացի՛ր, առաւօտեան աշխատանքի պիտի երթաս,
բայց Պէյրութը կը շարունակէ խանգարել
պտտիլ մարմնիս մէջ
սենեակիս թափթփածութենէն հիացած
ուր կայ ջնջումը երազիս
կախուած կանաչ լուսամփոփիս մտերմութենէն
որ տուաւ ինծի միակ եւ անկարելի պոռնիկ նայուածքը գիշերուան
եւ
ես՝ ծնծղայ բորբոքած
վանկատեցի մարմինս բարձրաձայն
բաց մութը մինչեւ վերջ
սեւը ուր կը խրեմ ձեռքերս թերեւս դառնայ անկողին
որ դուն չունիս
ըլլայ շուրջդ նորոգուած պատկերը քաղաքիս
պարպէ ինչ որ ուրիշ մը բնակեցաւ
սանդուխներէն վար բանաստեղծութեան
բաց մութը մինչեւ վերջ
բաց
No comments:
Post a Comment