Իրմա Աճեմեան։ Նկարը
Click here to hear the audio clip The Painting read by Lola Koundakjian.
Էրօլ Սարաֆեանին
I.
ԱՆ ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐԷ
Սենեակ մը ուր ամէն բան անշարժութեամբ քարացած
Առարկաներ իրենք իրենց աշխարհներուն խորերը
Պաստառ մը լերկ ու պրկուած միատարր
Լոյսի մութի յաւերժական այդ նոյն խաղին ակնդէտ
Դուն կը նստիս ու կը շնչես առանձին
Դուն կը գծես ու անհամբեր կը սպասես
Դուն կը կենաս, կը մտածես, կը ներկես
Կեանքի մահուան սահմանները ճեղքելով
Յետոյ պահ մը լուռ կը մնաս, նման սառած սենեակիդ.
Կ՛անշարժանաս նոր կեանքի մը ծիլերուն դէմ անբարբառ՝
Երբ կը տեսնես օտարոտի՝ քու սենեակիդ ստուերներէն ամպամած
Երկու աչքեր լուսաճաճանչ պաստառէն դուրս կը ժպտին…
Այս այն պահն է ուր ամէն բան իր լրումին հասած է …
II.
ԱՆ ՈՐ ԿԸ ՆԿԱՐՈՒԻ
Եթէ նոյնիսկ նստիլ չուզես թիկնաթոռին անշարժութեան մէջը դուն
Քու գիծերդ խառնաշփոթ կ՛երթան մխուիլ պաստառի մը խորութեան մէջ ակամայ
Քու գոյներդ - լոյսէ անդին - ոլորտներու եզերքներէն սողալով
Յանկարծ կ՛իյնան մատներու տակ յարաշարժ,
Մտածումներդ այնքան գաղտնի, աչքերէդ դուրս լուսարձակի ուղղութեանբ
Կ՛երթան զօդուիլ աչքերու հետ կիսաբախ՝
Որոնք դէմքիդ բջիջներուն տակ թաքուն -- միս ոսկորդ կը ճեղքեն
Ու վրձիններ իրարու հետ, իրարու քով կը վազեն
Երեք լայնքով տարածութիւնդ անգթօրէն մակերեսի վերածած
Կը հարուածեն կամ կը շոյեն պաստառի մը ողորկ ու լերկ երեսը
Քեզմէ անդին դուն կը շինուիս
Քեզմէ անկախ դուն կը խորհիս
Քեզմէ հեռու դուն կը շնչես
Ամբողջութիւնդ կը հեռանայ, կը նօսրանայ հետզհետէ
Ձեռքերովդ որքան կառչիս
Աչքերովդ որքան գոցուիս
Ալ դուն դուն չես, դուն քեզմէ դուրս
Ուրիշի մը մատներուն տակ կը ծնիս…
16.2.1974
« Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975
No comments:
Post a Comment