Tuesday, March 03, 2009

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ԵՒ ԳԻՇԵՐԸ ՔՈՒ ՄԱԶԵՐՈՒԴ ՉԱՓ ՍԵՒ ԷՐ


Ժամը 20 ին
Մազերուդ չափ սեւ գիշեր մը
Քաղաքը պաշարեց
Իսկ ես նստած
Քեզ կը մտածէի դիցուհիս

Հիմա ժամը 23.30 է
Հիմա նիրհելու
երազելու
-եւ կամ ինչ գիտնամ-
գոնէ սիրահարելու ժամն է
Մինչդեռ ձայնասփիւռը
Քու շրթներուդ չափ անուշ երգ մը կը սփռէ
Իսկ ես նստած
Դեռ քեզ կը մտածեմ հրեշտակս

Ժամը 01 ին
Վերջին հանրակառքին հետ
Քու աչքերուդ չափ խոր լռութեան մը մէջ
Պիտի թաղուի պողոտան

Իսկ ես նստած
Դարձեալ քեզ պիտի մտածեմ
Եւ պիտի մոռնամ թէ գիշեր է
Գիշեր մը որ քու մազերուդ չափ սեւ է


18. 6. 1966

No comments: