Tuesday, March 24, 2009

Անահիտ Սարգիսեան: Ոտքերդ վերմակին համեմատ

Անահիտ ճան
խնդրում եմ ուղարկիր
մի լուսանկար
եւ քո մասին
մի քանի տող...
պահանջողը
Վիոլէ՛թն է...

եթէ մէկ
կամ երկու տարի առաջ ըլլար
այս խնդրանքը
պիտի սարսափէի՜
փախչէի՜
ծակիս մէջ
պահուըտէի՜...

իմ մասիս
ես ի՞նչ ըսեմ
պիտի ըսէի...
կարեւորը
մարդուս գործն է
որ կը գլորի
ու կը պատմէ
ինչ որ պէտք է
երեւի...

սակայն այսօր
այս խնդրանքին դիմաց
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ...

եթէ
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ
ուրեմն ստիպուած եմ
սա քանի մը տողը
քով քովի փակցնել
եւ լուսանկար մըն ալ
ճարել ու ղրկել...

սիրտ չունի՜մ...

ի՞նչ ըսեմ...
հո՛ն ծնած եմ
հո՛դ գացած եմ
յետոյ հոն հոդ
գացած եկած եմ


վերջը
չեմ գիտեր ինչպէս
հո՛ս հասած եմ
եւ բախտով
գրող մրողներու մէջ ինկած եմ...

բայց ինչո՞ւ այսօր
ո՛չ կը սարսափիմ
ոչ կը փախչիմ
ոչ ալ կը պահուըտիմ...
արդեօք ե՞ս ալ
վերջ ի վերջոյ
գրող մրող դարձեր եմ
եւ լուր չունիմ...

մտահոգուի՞մ...

տողերը լաւ
թուքով մուքով
կը փակցնեմ
սակայն
սա լուսանկարը
ինչպէ՞ս պիտի ընեմ...
ինչո՞ւ կþուզեն
անպայման
սա երեսս տեսնել...

ճերմակերես
սեւերես
եւ թերեւս
աներես...

եկէք
ծուռ նստինք
շիտակ խօսինք
իրարմէ չնեղուինք
երկու բառով ես ըսեմ
դուք հասկցէք
եւ սա խնդիրը
մենք վերջացնենք
ես ալ երթամ
ընելիքներս շարունակեմ...

ես
պարզապէս
սփիւռքին
որբ աղջիկն եմ...



Մէկ չէ,
երկու չէ,
երեք ալ չէ,
մատներու վրայ համրել
կարծես անկարելի է,
պարզապէս անվերջանալի՛ է
այն բազում
ծանօթ անծանօթ
թանթիկ մանթիկ
կոչեցեալներուն թիւը...

Երկա՜ր է պոչը...
Գլուխը ո՞ւր է
պոչին ծայրը ո՞ւր
յայտնի չէ՜...

Հաշիւէն դուրս ինկած
ծանօթ անծանօթ
թանթիկներէն մին
դիմացդ կը յայտնուի
յանկարծակի,
որեւէ պահուն
որեւէ տեղ՝
աստիճաններուն վրան
վերը վարը,
տունը թաղը
կամ շուկան
կամ ալ շուկային ճամբան...

Լայնածաւա՜լ կայսրութիւն
ճիշդ դիմացդ կը յայտնուի
յանկարծակի
եւ տեսադաշտդ կը փակուի...

Սպառազէն կայսրութեան դիմաց
անզէն կը կանգնիս քարացած
թուքդ կը կլլես
քանզի գլխուդ գալիքը
շատ լա՜ւ գիտես...
Ո՛չ առաջինն է,
ո՛չ ալ վերջինը...



Քա սա աղջիկը
նորէ՛ն հասակ նետեր է.
-ձայնը կու գայ դիմացի ճակատէն-
որո՞ւն քաշեր է քա՜,
Աստուա՛ծ պահէ, մաշալլա՜...

Ի՜նչ կþըսես.
-պատասխանը կը յամենայ այս ճակատէն-
մեծ հայրը
պատի պէս մարդ էր,
մեծ մայրն ալ
փառաւոր կին էր...

Այս թարտերախաղին մէջ
դուն որ հասակ նետող աղջիկն ես,
ընելիք մնելիք
ըսելիք մսելիք
չունիս բացարձակապէս...
Պարզապէս
բերանդ կը գոցես
լուռ մտիկ կþընես
եւ ոչ մէկ բան կը մտածես,
այլ անայլայլ ժպիտը երեսիդ
թատերախաղին
շարունակութեա՛ն կը սպասես...

Աղջի՜կ
-ձայնը կը հզօրանայ դիմացի ճակատէն-
եթէ այսպէս շարունակե՜ս,
օրէ օր հասակ նետե՜ս,
քեզի յարմար փեսայ
ուրկէ՞ պիտի ճարես...

Ընդամէնը
վրայ վրայի
կամ տասներկու
կամ ալ տասներեք տարեկան ես.
փեսայ ճարելու մասին
ի՜նչ մտածես...
Դուն ո՜ւր
ամուսնանալիք աղջիկը ո՜ւր,
վերջին մտահոգութիւնդ է.
սակայն կարեւորը հիմա
ճակատագրականը դիմագրաւելն է.
բանը բուրդ է,
վասնզի
վերջին նախադասութենէն ետք
շուտով կը հասնի
սարսափելի՛ն...

Քա ձեռքերուս մէջ մեծցաաաա՜ր...
Այս մէկը կարծեմ
այդ վերջին նախադասութիւնն է...

Ուստի
թեւերը լա՜յն կը բացուին
լայնածաւալ կայսրութեան՝
ծանօթ անծանօթ
թանթիկ մանթիկ
այս կոչեցեալին
եւ ահաւասիկ
աչքերդ փակած ես
ու նահատակուելու
կամայ ակամայ
կազմ պատրաստ ես...
Կը գրկուի՜ս,
ապա մսակոյտերու մէջ
կը մխրճուի՜ս,
եւ հետզհետէ
խորխորատներու մէջ
կը խորասուզուի՜ս...

Ազատում չկա՜յ,
այս թանթիկը չըլլար
մի՛ւսը պիտի ըլլար...
Օգնութի՜ւն... Կը խեղդուի՜մ...
Կատակ չէ՜, կը խաչուի՜մ...
Փրկութի՜ւն... Աստուա՜ծ իմ...

Կը գրկուիս, կը սեղմուիս,
բրդուճ բրդուճ կը փրցուիս,
իսկ փակագծին մէջ
բացականչութիւններ կցկտուր...
Կը կարմրիս, կը խեղդուիս,
շունչի պակաս ունիս,
մինչ փակագծին մէջ
հեղեղանման ձայնաւոր պաչպչուք...

Այսպէ՛ս է.
այս աշխարհին օրէնքներուն
քիթդ գոցելով
պէտք է ենթարկուիս
ու համակերպիս...

Մէկ չէ,
երկու չէ,
երեք ալ չէ,
մատներու վրայ համրել
կարծես անկարելի է,
ըսինք պարզապէս անվերջանալի՛ է,
այս անթի՜ւ
ծանօթ անծանօթ
թանթիկ մանթիկ
կոչեցեալները,
որոնք կþըսեն թէ
իրենց ձեռքերուն մէջ
մեծցած ես,
նոյնիսկ եթէ
ընդհանրապէս
բացարձակապէս
զիրենք տեսած չես...

Իսկ դուն
թանթիկ մանթիկներուն
այս աշխարհին մէջ ,
խիզախաբար կը մեծնա՜ս...
Չէ՞ որ մեծ հայրդ
պատի պէս մարդ էր,
մեծ մայրդ ալ
փառաւոր կին էր...
Երեւի անպայման
երկուքէն մէկուն քաշե՜ր ես...
Յարմար փեսայ
ունենա՜ս չունենա՜ս
հոգդ չէ՜,
միայն թէ հիմա խնդիրը
սա ոտքդ
վերմակէն դո՛ւրս մնացեր է...

Աղջի՜կս
ոտքերդ վերմակին համեմատ երկարէ՜...
վերմակին համեմատ երկարէ՜...
ոտքե՜րդ, ոտքե՜րդ՜...
վերմակին համեմա՜տ...
երկարէ՜...

Ականջիդ մէջ
հեռուներէ՜ն
այսօր կորսուած այն աշխարհէն
միշտ կþարձագանգէ՜...
կþարձագանգէ՜...

Վերմակդ միշտ հետդ քաշկռտած
երէկուան այդ հեռուներէ՜ն
այսօր կորսուած
թանթիկ մանթիկներու այն աշխարհէն
նոր աշխարհնե՜ր հասած,
հիմա հինցած մաշած վերմակին տակ
կը կծկուիս, կը չարչարուիս շարունակ...

Վերմակիդ պլլուած չարչարուէ՜...
Ի՜նչ որ ալ ընես
ոտքդ միշտ դո՛ւրսն է...
Աւելի՛ կը կծկուիս,
կը ծալուիս, կը կոտրտիս,
որ վերմակիդ տակ սեղմուիս,
իսկ առաւօտները
հազա՛ր կտոր եղած
ուզես չուզես
այս նոր աշխարհին մէջ
պէտք է ոտքի կանգնիս...

Այս նոր աշխարհին մէջ
երեսիդ նայողը ո՞վ է...
Պարզապէս
դո՛ւն
հայելիին մէջ
ինծի՛ կը նայիս
ու պատի պէս մեծ հայրդ
կամ փառաւոր մեծ մայրդ
կը տեսնես...

Խիզախաբար մեծցե՜ր ես... մեծցե՜ր ես...
մեծցե՜ր ես...

Դուն մեծցե՜ր
վերմակդ քո՛ւրջ դարձեր,
իսկ ոտքդ
վերմակէն դո՛ւրս մնացեր...

Վերջապէս
ինձմէ այլեւս զզուած,
դուն ինծի կը նայիս
ու վճռակա՛ն կը խօսիս...
Ա՜յ աղջիկ
դուն քեզի նոր վերմակ մը գնէ,
հանգի՜ստ փառաւոր
շնթռկէ՛ պառկէ...
Վիճակդ վիճա՞կ է,
ապրածդ կեա՞նք է...
Ասիկա նո՛ր աշխարհ է,
գնա՛
դուն քեզի համար
նո՛ր վերմակ մը գնէ...
Ըլլա՜յ Ամերիկեան
թեթեւ ու լա՜յն,
կամ ֆրանսական
հազար գոյնով ծաղիկներ վրան ,
կամ չինական
շա՜տ աժան...
Հանգի՜ստ ծածկուէ,
ոտքերդ ուզածիդ չափ երկարէ
եւ մշի՜կ մշիկ երազէ՜...

Կþընդվզի՜մ...
Կռնակս կը դարձնեմ ես քեզի
ու կը փշրուիմ...

Ես
այս նոր աշխարհին մէջ
քեզի հետ առանձին
հինցած մաշած վերմակիս տակ
կը կծկուիմ,
քանզի իմ երազներս
միայն ու միմիայն
այս հինցած մաշած
ու քաշկռտուած
վերմակին տակն են որ կը հիւսուին...

Իմ երազնե՜րս
որոնք կը պատկանին
այսօր կորսուած ա՛յն աշխարհին
ուր կը մեծնայի ես
կամ դուն
ժամանակի՜ն
ծանօթ անծանօթ
բազում թանթիկներու
ձեռքերուն մէջ,
իրե՛նց կորսուած աշխարհին
երազներուն մէջ...


(Ինքնագիր 2, 2007)

No comments: