Wednesday, March 11, 2009

Սոնիա Սանան: ԸՍԷ՛ ԻՆԾԻ

կօշիկներս հագայ մտայ անկողին
ոտքերուս տակ ցաւ զգացի
եւ գիշերը
չվերջացաւ մազերուս մէջ

կ՛երթայի մոռացումէն անդին
անհաւանական յայտնութեամբ եւ քայքայումովը մարմնիս
որ
էր
տարբեր կենդանութիւն
միակ յօրինումը շնչառութեանս ընկղմած
ուր դուն
օ վերջին կարօտս ոլորուող լեզուիս
վերջին ափը կողերուս տաքին
վերջին բառը կոկորդիս
վերջին ճիչը մատներուս
եւ առաջին վախը մերկութեանս

կօշիկներս հագայ մտայ անկողին
կորսնցնելու ինչ որ ունիմ
ինչ որ կայ
աչքերուս մէջ եւ անդին
ինչ որ տուին մարմինիս
լսելու
ինքզինք
իրմէ ասդին
ինքնախոր
ուր դուն
դանդաղ հեղումս ինքնամէջ
դանդաղ կորուստս քեզմէ դուրս

ըսէ ինծի կինն եմ վերջին
եւ ես
կը հանգուցեմ կօշիկներս ձեռքերուս
մազերս կարճ կը կտրեմ
եւ անկողինս կը շաղկապեմ ծունկերուդ

կօշիկներս հագայ մտայ անկողին

No comments: