Իրմա Աճեմեան։ Հեռաձայնը
Click here to hear the audio clip The Telephone read by Lola Koundakjian.
Կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ ակնդէտ
Սեւ աչքերը քու աչքերուդ կը նմանին…
Կը սպասեմ
Քեզ կը սպասեմ ես անհամբեր
Քեզ կը սպասեմ ես անհամբեր ժամերով
Սեւ ժամերը օրեր կ՛ըլլան կ՛երկարին…
Կը մնայ
Հեռաձայնը լուռ կը մնայ
Հեռաձայնը լուռ կը մնայ անբարբառ
Մինչ սեւ բառեր կը կուտակուին մտքիս մէջ…
Կը տանի
Սրտիս զարկը կը տանի զիս
Սրտիս զարկը կը տանի զիս գործիքին
Սեւ գործիքը հոգւոյս վրայ կը ճնշէ…
Անշարժ է
Հեռաձայնը անշարժ է դեռ
Հեռաձայնը անշարժ է դեռ կը քրքջայ
Սեւ քրքիջը կը տարածուի, կ՛ընդլայնի…
Կը դողան
Մինչ ձեռքերս կը դողան
Մինչ ձեռքերս կը դողդղան անոր դէմ
Սեւ դէմքին պէս սեւ շրթունքներ, ականջներ…
Կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ
Հեռաձայնը զիս կը դիտէ ակնդէտ
Սեւ աչքերը քու աչքերուդ կը նմանին…
4.4.1960
Իրմա Աճեմեան, « Տալ Միայն» Իսթանպուլ 1975
No comments:
Post a Comment