Սարգիս Ք. Խաչերեան: փախուստ
այս օրերուս
ո՞րն է պատահելիք ամենավատ արկածը
հիւլէական ռումբի մը պայթումը
արեւային յաւիտենական խաւարումը
թէ կէս գիշերին
բանաստեղծի մը միտքէն
բառին փ ա խ ո ւ ս տ տալը
կնոջս հարցուցէք
Սարգիս Ք. Խաչերեան
«ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ» անտիպ
No comments:
Post a Comment