Monday, March 14, 2011

Սագօ Արեան։ ՆԱ՜՜՜ՊԱԱ*..

Առաւելագոյնը կրնայի պոռալ այս քաղաքին համար.
Որուն արգանդին մէջ,
Պահուած են հլուններ կապոյտ ու սեւ.
Բացարձակ ճիշդին հասնելու իմ փորձերս,
Պիտի կախուէին անոր նեղ ու սեւցած շէնքերէն...
Ուր ես բանտարկեալի տեսքով,
Անթրաշ եւ ոխերիմ,  
Պիտի զմռսէի հայոց պատմութեան վերջին հերոսներուն մորուքները ծնոտիս...
Պիտի փակցնէի յիշատակներս անոր փայտեայ ու հին պատուհաններուն,
Ու յետոյ
Չարաճճի բարձրանայի հօրքուրիս տան  երրորդ յարկը
Հետեւելու  հեռուն կեցած պաղեստինցի արձակազէնին...
Նապաա.՜՜՜՜
Ինչքան երազներ կը քնանան մէջդ հիմա,
Ու ես հիացկոտ աչքերով կը չափեմ փողոցներուդ երկարութիւնը...
Պատերդ կը խառնուին իրարու,
Եւ Պաղեստինի համար
Արիւն թափած ֆետայիներուն լուսեղէն ժպիտը կը խառնուի
Լաւագոյն տղոց խինդին ...
Պատը հին է
Հոն Մուսա Սատըրի բարակ պատկերը կայ,
Կայ եւ հօրեղբայրս
Որ յիշողութեանս զարդատուփը պիտի բանայ
Քանի մը սպիտակ խաղալիք երկարելու ձեռքերուս...
Կայ թալանուած մանկութեանս վերջին ճիչը
Նապաաա՜՜՜՜
Կայ եւ պատերազմը
Անհոգ ու մարդասպան
Երբ բոլոր երաժշտութիւնները  կը դադրին,
Ես պիտի փոխակերպուիմ նոր մորթուած սպիտակ  աղաւնիի
Երգելու համար կարօտդ ....
Գէշ արդուկուած շապիկներս պիտի հաւաքեմ,
Լաթերս բերեմ պատշգամներէն,
Ու Օսաննա հօրքուրիս  պատրաստած փիլաւին մէջ հալիմ
Իբրեւ ծուէն կարօտի
Նապաա՜՜՜, ես քանի ընկեր կորսնցուցի
Բոլորը հեռացան այս ափերէն,
Ու տուին ինծի լեզուն որ խօսիմ ...
Տուին լեզուն հին ու նուիրեալ,
Որպէսզի՝
Չպոռամ
Պիտի չպոռամ ձեր երեսին,
Մուր պիտի չքսեմ ձեր երեսներուն,
Հէ՜յ, դուք անբանաստեղծ անտարբեր
Պիտի չլամ առաջուան պէս
Ես եկայ յաղթելու համար,
 Նապաա՜՜՜,
Ես յաղթած եմ ընդհանրապէս,
Ու մեղքերս քաւելու  մի սպասէք
Որով ես բոլոր վէրքերը դրած եմ ուսապարկիս մէջ
Որպէսզի հեռացումի պահերուն
Չըսեն Սագօն փախաւ առանց լուրի:

 Նապաա՜՜, դուն պիտի մնաս
Բոլոր օրկանիք փոփոխութիւններուն դիմաց
Բոլոր արեւմուտքի բոզութեան դիմաց
Պիտի դառնաս իմ փարվանան,
Հոն ես մանկութիւնս պահեցի,
Մանուկ աչքեր,  մանուկ թաթիկներ
Մանուկ հասակ
.....
Նապաա՜՜՜՜
Երազներս թող չխանգարեն քու քիւրտ
Եւ ասորի բնակիչներուդ ահագին անդորրը
Ես քեզմէ լուացուելով  կ'անցնիմ
Ու զարմանալի  չէ որ երեսս պիտի լուամ մզկիթիդ առջեւ,
Խնդրելու  ողորմութեան վերջին դասը .....
Զիս ալլահը կը լսէ
Զիս քու ալլահդ է որ պիտի լսէ,
Ես կը փոխեմ սլաքներս դէպի քեզ
Աղօթքի ժամերս կը սրբագրեմ
Այտերս կը լուամ
Ու ծունկի  կու գամ արեւելքիդ համար,
Վիրաւոր արեւելքիդ՝ Նապաաա
Նապաա՜՜՜ զի դու ես ճանապարհ.
Քանի -քանի ֆետայիներ եւ  իմամներ քեզմէ անցան
Որովհետեւ հոն էր երկրին բանը
Աղքատներուն էր տրուած երկրի խօսքը
Մնացածը  բուճ էր Նապաա՜՜՜։

Այսօրը աղօթելու օր է,
Ել անհաւատի աղօթքդ թափէ Նապաայի առաստաղներէն ...
Հոգ չէ որ  ընկերներդ արեւմուտք կը վազեն,
Կը վազեն ՝ մեծ մսաղացին,
Փինք Ֆլոյտի մենծ մսաղացին մէջ մտնելու
Հոգ չէ այս ախտը,
Դուն սեղան պիտի նստիս իմամներուն եւ աղքատներուն հետ....

Նապաա՜՜
Դուն պիտի մնաս հարազատ իմ քաղաքս
Ուր ամէն մեղքէ յետոյ,
Սրբելու համար մարմինս ծունկի եմ գալու
Իմամ Մուսա Սատըրի պատկերին առջեւ
Գրկելու համար մանկութիւնս ....
Գողցուած ու հեռացած
Թալանուած ու պատերազմէն վիրաւոր մանկութիւնս
Նապաա՜՜՜՜ հզօր ես։

Քաղաքս ես։


Սագօ Արեան
Պէյրութ

ՀՈՐԻԶՈՆ, Փետրուար 2011

* ՆԱՊԱԱ: Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտի կից գտնուող շրջան, որ  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանին բնական սահման էր դարձած, հայկական շրջաններուն եւ Պաղեստինեան դիրքերուն միջեւ: Նապաա արաբերէն կը նշանակէ աղբիւր:


No comments: