Արտաշէս Յարութիւնեան։ Կարօտներս
Հոգւոյս խորը կարօտներ կան՝
Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն՝
Մոմին ճերմակ մարմինն աղուո՜ր։
Կարօտներ կան խորը մըտքիս,
Որ անդադար զայն կը փորեն.
Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն,
Լուռ՝ կը խորհիմ ես ինքնիրեն։
Ու կը լայննա՜յ վէրքը տակաւ
Չըդարմանուած կարօտներուն.
Ո՛չ ո՛ք գիտէ զանոնք, - ի՜նչ փոյթ,
Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն։
Չընչի՞ն ցաւեր. է՜, ո՜վ գիտէ.
Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.
Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ՝
Կը մարին խորն այդ ցաւերուս։
Ու կարօտներն իմ մեծամոլ
Կը սպառեն զիս մինչեւ ցըմահ,
Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն՝
Մոմին մաքուր մարմի՜նն աղուոր։
«Նոր Քնար», 1912
Արտ. Յարութիւնեան
(1873-1915)
No comments:
Post a Comment