Thursday, March 24, 2011

Գէորգ Գալայճեան։ Պիտի

Պիտի արթննաս տակաւին
և անվախ պիտի յայտարարես, որ
կը հաւատաս, կամ՝ չե՛ս ընդունիր,
և քանի որ լեզուդ սրտէդ պիտի խօսի,
անհասկնալի պիտի ըլլայ ըսուածը, բայց
միտքդ պիտի համոզուի խօսուածին, հոգիդ ալ:

Ելիր գիշերուայ խաւարին մէջ պայծառ
երկնքի աստղերուն պոռայ, որ կը սիրես,
կը հաւատաս սիրոյ անհասկնալի կախարդանքին
և բոլոր աստղերը քու կանչիդ բերկրանքը
քու աչքերուդ, քու հոգւոյդ մէջ պիտի ցոլացնեն:

Ինչ փոյթ որ նախապէս թզենիին տակն ալ
նմանօրինակ արտայայտութիւններ ըրած էիր,
օր մը մերկութիւնդ տուած էիր սաւաններուն,
սպիտակ թաշկինակի մը յանձնած էիր անփորձութիւնդ,
համբերութեամբ տարած սխալ խոստումներուդ անդրադարձը ...

հիմա

մեծութեանդ մէջ կուտակուած ինքնավստահութեանդ չափ
գիտես որ այդ բոլորը գլխաւորաբար քուկդ են:

Իսկ ան, որուն պիտի խոստանաս՝ քուկդ պիտի ըլլայ,
ու ինչպէս ամէն մէկ քեզի պատկանող,
այս մէկն ալ ունի իր ծանրութիւնը, իր ծաւալը, իր
յատուկ խնամատարութեան ցուցմունքները.
«Լուալ գաղջ ջուրով, գունատիչ հեղուկ չգործածել,
չորցնել միջակ ջերմութեամբ: Բաղադրութիւն՝
40% բուրդ, 30%  մետաքս, 20%  բամպակ, 10%  աքրիլիք:»
Իսկ այս մէկը՝
40% զգացում, 30% զգացում, 20% զգացում, 10% զգացում:

և օր մը՝ երբ մեր զգացումները պակսին
պատուէր մը կուտանք ապսպրանքի գրքոյկէն, կամ եթերացանցէն
և ցրուիչը մեր տան առաջ կը բերէ
պակսած մասերը մեր կիսաւարտ ներաշխարհին:

Երբ արդէն նորոգուած ենք
Կ՝ուզենք երկար քալել,
Թեթեւ, ոչ շատ ցուրտ հովին մէջ՝ կարգ մը ցաւեր կորսնցնել
Յետոյ մեր կակուղցած եսերը գրկել, գգուել,
Վստահեցնել, որ տակաւին կայ ջերմութիւն,
Բազկերակ:

Մեր երեխաները, որ տաք ճաշի կարիքը ունին
Պէտք է գանգատին, որ տխրինք,
Խղճանք, և խղճով մաքրուած
Ամենահրաշալի բարիքները տեղացնենք անոնց վրայ՝
Զգոյշ, որ չկքին՝ իրենց շնչառութիւնը չխանգարուի:

Այլեւս չենք բաւարարուիր հեքեաթներով,
իրական ապրումներ պէտք են մեզի. Հետեւաբար
մեր տարրալուծական գործիքները մեզ հետ կը կրենք միշտ
աղօթքի պահուն, անկողինին մէջ, մայրամուտին
ձեռք-ձեռքի քալելու միջոցին.
անմիջապէս պէտք է կարենանք ստուգել
թէ արդեօք ա՞յդ էր ճշմարիտ զգացումը,
կամ թէ տակաւին պատմուածք մըն է, որ կը հիւսենք
որուն վերջաւորութիւնը տխուր կրնայ ըլլալ,
եւ կամ ուրախ, եւ կամ չվերջանայ՝
սիրոյ պէս: 

Գէորգ Գալայճեան 

No comments: