Saturday, March 12, 2011

Դանիէլ Վարուժան։ ԿԱԿԱՉՆԵՐ

Քոյ՛ր իմ, ցանքին մէջ կակաչներ կան, քաղէ՛ . –

Ահա սիրող սիրտերու պէս կ’արիւնին։
Պիտի իրենց բաժակներէն բիւրեղէ
Խըմենք ալիքն արևին։

Անոնք այնչափ բըռընկեր են՝ որ կարծես
Հրդեհն իրենց կ’այրէ դաշտերը անհուն։
Պիտի իրենց բաժակներէն հըրակէզ
Խըմենք կայծերն աստղերուն։

Քոյ՛ր իմ, քաղէ՛, լորի մը պէս ծածկըւած
Ցորեններուն մէջ՝ որ մեղմիկ կը նազին։
Պիտի իրենց բաժակներէն բոսորած
Խըմենք արիւնն ակօսին։

Անոնք ծըռած արտոյտներու բոյնին վրայ
Լալ  շողերով ողկոյզ-ողկոյզ կը ծըփան։
Պիտի իրենց բաժակներէն յակընթեայ
Խըմենք խոստումը Գարնան։

Քաղէ՛, քոյր իմ, կակաչ չէ, բո՜ց  քաղէ դուն.
Հըրդեհն իրենց լեցուր գոգնոցդ կոյսի։
Պիտի իրենց բաժակներէն փափկասուն
Խըմենք կրակներն Յունիսի։

Ծաղկե՜ր, ծաղկե՜ր են բերնիդ պէս քնքշենի,
Կը խօսակցին ցորեանին հետ օրօրուն։
Պիտի իրենց բաժակներէն ծիրանի
Խըմենք գաղտնիքն հասկերուն։

Քաղէ՜, քո՛յր իմ, պիտի պսակուինք անոնցմով
Վաղուան զըւարթ տօնին համար գիւղակին։
Եւ պիտի այդ բաժակներէն, պարելով,
Խըմենք գինին տարփանքին։

                                                Դանիել  Վարուժան
                                               

No comments: