Արմենուհի Թերզեան։ Կ'արժէ Ապրիլ
Գնա՛ նայէ,
Ծովախորշի մը լքուած
Հայելիին մէջ ծփծփուն ջուրերուն
Կամ լուսնալոյս գիշերներու լռութիւն հոծ՝
Հեշտանքովը սարսռուն
Մտիկ ըրէ ծղրիթին երգը յոգնած -
Գնա՛ քալէ,
Դէպի ծովափ՝ ճամբէն անդարձ ժամերուն
Ու մութին մէջ, որ յամրօրէն, անողոք
Մարեց, մէկ մէկ, այգերն հազիւ թէ բացուած.
Ականջ տուր խուլ արձագանգին հեռաւոր
Սուլոցին ծեր նաւերուն -
Ականջ տուր - ու
Պիտի յիշես…
Պիտի գտնես դուն անկասկած
Ժամ մը, պահ մը, պահիկ մը գէթ - մոռցուած՝
Անվերադարձ օրերուն մէջ թաւալուն,
Պիտի գտնես օրերէն օր մը - գուցէ
Գիշեր մը լուռ,
Լուսաստղերու անրջանքով բաբախուն,
Գիշեր մը մութ գաղտնասաց
Որ պիտի
Խօսի քեզի մեղմ ու քաղցր - ու ըսէ
Թէ՝ հակառակ այն բոլորին որ անցան
Պայքարներուն - որ ապարդիւն - տարուեցան,
Արցունքներուն, որ զուր տեղ
Այտերդ ի վար, շիթ շիթ, լռիկ՝ քարացան,
Թէ հակառակ ժպիտներուն կեղծ պատիր,
Համբոյրներուն՝ հրաժեշտի լեղիով,
Եւ վերջապէս այն ամէնուն համար իսկ
որոնք եղան կամ չեղան՝
Կ'արժէր ապրիլ...
Կ'արժէ դարձեալ, որ ապրիս
Կեանքն այս ցնորք, կամ երազ-:
Արմենուհի Թերզեան
Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը Գրականութիւն, Հատոր Բ, 1920-1980
No comments:
Post a Comment