Ծատուր Պէրպէրեան։ Ուղեգիծ
Պիտի խօսիմ, կարդամ եւ գրեմ։ Բայց մայրենի լեզուովս։֊
Պիտի աշխատիմ, երգեմ եւ ստեղծագործեմ։ Բայց քաղաքակրթութեան համար:
Պիտի հաւատամ, յուսամ եւ երազեմ։ Բայց միշտ տոկալով:
Պիտի հերկեմ, սերմանեմ եւ տափնեմ։ Բայց միշտ հսկելով որ ծլին ու ծաղկին։
Փոխան ջուրի , այս բոլորին ալ սրտէս ու հոգիէս բան մը պիտի տամ։
Եթէ յաջողիմ ուղիս վերջացնել այս ձեւով, այդ պիտի ըլլայ ինծի աղուոր երազի մը իրականացումը ։ Նաեւ ընծայ մը Հայոց աշխարհի մշակոյթի տաճարին։ որուն կ՛երկրպագեմ ջերմօրէն։
Փարիզ, 1930
No comments:
Post a Comment