Կարօ Կարապետեան։ ՅԻՇԷ…
Click here for an audio clip of the poem
Յիշէ՛, խեղճ հոգիս, երբ մընաս մինակ,
Կոյրերը ամէն – մութ հագած մարդեր,
Մութ՝ գիշերներէն, լոյսերէն անցնող,
Ծովէն՝ օրօրուող, կեանքի հանդէսէն ։
Յիշէ՛ դուն յաճախ խուլերը նաեւ.
Երգին հովերուն, ծառերուն hեւքին,
Խոր զանգակներուն, ջուրերուն թափուող,
Եւ նուագներուն տեսնողն անականջ։
Յիշէ՛ համրը դուն, որ խեղդէ պիտի
Ձայնը հոգիէն շրթներուն իջնող,
Եւ պայթի ընդմիշտ խանդը իր ուժին,
Մէջն իր ձեւերուն խօսքեր փընտըռող։
Դուն կա՛ղն ալ յիշէ, որ կ'ուզէ քալել
Ու վազել առոյգ մարդոց պէս ամէն,
Ընել շարժումներ հոգին թարգմանող,
Բարձրանալ ժայռեր. թռչո՜ւնը ապրիլ։
Յիշէ՛ եւ բոլոր հիւանդներն անզօր.
Զարնըւածներն այն, մարդէն, Աստուծմէն։
Յիշէ՛ ամենուն ցաւերը մըթին,
Որ քո'ւ եւ անոնց վիշտերը կիսուին ։
Անել
No comments:
Post a Comment