ԶԱՒԷՆ Գ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ: ԲԱՐԵՒ ԲՈԼՈՐԻՆ
Առաւօտ կանուխ երբ որ արթննաս,
Բարեւ ըսէ դուն՝
Անխտիր մարդկանց,
Բարեւ ըսէ դուն
Արեւին, հովին,
Եւ գործի գացող անխոնջ բանուորին:
Առաւօտ կանուխ երբ որ արթննաս,
Բարեւ ըսէ դուն՝
Երգող թռչունին,
Բարեւ անձրեւին
Ծաղիկին, ծառին,
Փողոցը մաքրող աւելածուին:
Բարեւ ըսէ դուն,
գիշերուայ լոյսին
Որ մինչեւ առտու հսկեց ճամբորդին,
Բարեւ ըսէ դուն,
բեռնատար կառքին
Որ հաց կաթ բերաւ զարթնող քաղաքին:
Միայն մի մոռնաք՝
Ոհ բարի մարդիկ
Բարեւ ըսէք դուք՝ բարեւ իրարու,
Լոկ պարզ բառ մըն է սիրոյ բանալին,
Հոգի խնդացնող իրար միշտ կապող՝
Սիրտ սրտի բերող եւ ուրախացնող:
Ախ, մի զլանաք մէկ բարեւ տալու
Բարեւի փոխան՝ ժպիտ՝ խինդ տալու,
Բարեւ, սուրբ բառն է՝
Երբեք մի մոռնաք,
Ամէն առաւօտ երբ որ արթննաք
Բարեւ ըսէք դուք
Ձեր մօր ու զաւկին,
Ծանօթ դէմքերուն ու անծանօթին
Բարեւը ըլլայ կեանքի բանալին:
ԶԱՒԷՆ Գ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
No comments:
Post a Comment