Դանիէլ Վարուժան։ ԳԱՐՆԱՆ ԱՆՁՐԵՒ
Դաշտերուն վրայ իր տրտմութեամբ յամառող
Անձրեւը չէ՛ ասիկայ։
Գարնան ջաղբն է ՝ որ ցանքերուն վրայ անհուն
Լուսացընցուղ կը տեղայ։
Աստղերն անյայտ, կարծես հալած արեւէն,
Տեղատարափ կը թափին,
Եւ կը լըւան իրենց լոյսին մէջ փաղփուն
Անդաստաններն ու այգին ։
Կապոյտն յանկարծ կու լայ բուռըն ծիծաղէն ,
Եւ կը տեղայ ադամանդ.
Կը լուսնան կոյր աղբերակներն ու կ'երգեն
Իրենց ծընունդն արգաւանդ։
Անհունն ի վար կը հեղեղուին շառաչուկ
Մեծ կաթիլներ շափիւղայ,
Լի արեւով, ցընծութիւնով, կապոյտով,
Ծիծաղներով սատափեայ։
Մարգերը թաց կ'արտաշընչեն զովութիւն…
Կը լըւացուին գառնուկներ…
Բո՜յրը հողին, հողին բո՜յրը , ծաւալուն ,
Կը լեցնէ գիւղն ու եթեր։
Ու արտերո՜ւս , արտերո՜ւս մէջ քրտնաշատ
Իմ ցորեաններս յամեցող
Նոր ուժերով յորդահոսա՜ն կ'ընձիւղին
Կայլակներու մէջ ի լող։
Եւ մաքրըւած անտառին մէջ, այս պահուս,
- Ըստ իմ գիւղիս հէքեաթին -
Կը ծնի եղնիկը, գօտիին տակ ծիրանի,
Եղնորթ մը ՝ նման լուսինին։
No comments:
Post a Comment