Sunday, August 03, 2014

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ։ Երանի՜

… Ու կը մարի վերջին զանգը.
Ելեկտրական լոյսերը կը մտնեն քուն,
Մերկ երկնքին տակ կը մնանք ես եւ դուն.
Կը մնանք մենք ու մեր փոքրիկ անջրպետը:
Անջրպետին մէջ հոգիս ալեկոծ,
Կը տենչայ քուկդ, անդորր ու պայծառ հոգիդ կենսայորդ։

Երանի՜… երանի՜ օր մը,
Քանդէի միտքս խճճող
Ժամանակի թաւալումին հետ կարծրացած հանգոյցները
Վանէի՜ ինձմէ
Դարերու խորքէն դէպ՛ ինձ երկարող ու սիրտս տանջող,
Ազգ իմ, քե՛զ տանջող, անվերջ ճչացող ձեռքերը։

Ձեռքերը կաշի, ձեռքերը ցամաք,
Ձեռքերը փոքրիկ, ձեռքերը գնդլիկ ու փափուկ,
Լոյսի՜ ձեռքերը, յոյսի՜ ձեռքերը…
Ո՜հ, չէ՜, չվանէի՜… գրկէի՜ ամուր, կրծքիս սեղմէի,
Սեղմէի երկա՜ր, սեղմէի անվերջ…ու փայփայէի՜,
Ազգ իմ, քեզ կերտող, ազգ իմ, քեզ պահո՜ղ այդ սուրբ ձեռքերը։

Վազէի՜ ազատ հովիտներուն մէջ խաղաղ,
Հոգիս մաքրէի՜ երկինք սլացող ղօղանջներուն հետ յաւերժ,
Թեթեւանայի՜ կապոյտ ջուրերուն մէջ հայրենի,
Լիցքաւորուէի վերամբարձ լեռներու զօրութեամբ անեղծ,
Լիանայի երկնքի կապոյտովն անվերջ,
Գտնէի անձս ընկուզենիի ծառին տակ պապենի։

Կեանքին նոր բացուած անմեղ ու անհոգ նորածինին պէս,
Դէպի ապագան նայէի ժպտո՜ւն, ազա՜տ, անկաշկա՜նդ,
Նայէի բա՜ց մտքով, բա՜ց աչքերով,
Նայէի մէջս խարսխուած հաւատքով ամուր,
Ու հոն տեսնէի՜, տեսնէի՜ բոցավառ գարունը տիեզերքին,
Ու հոն տեսնէի՜, ազգ իմ, դալարգարունդ լուսաշող։


Զգայի՜ խինդը կապոյտ երկնքին տակ վազող մանուկներուն,
Ըմբոշխնէի ճպուռներուն երգը, երկինք սլացող ծառերուն շրշիւնը,
Գինովնայի փոքրիկ աշխարհս պատած յասմիկներուն քաղցր բուրմունքով…
Ու արեւամուտին`պայծառ արեւի շոգէն յագեցած`
Վազէի կենսուրախ ու թռչէի հօրս գիրկը ապահով…
Ու քուն անցնէի իր անոյշ ձայնով… «Քուն եղի՛ր, բալա՛ս…»։




ԱԶԴԱԿ Յուլիս 24, 2014

No comments: